Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգման խումբի` «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ.»-ի պետ զօր. Ճոզըֆ Քլիրֆիլտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի եւ զօր. Քլիրֆիլտի շարք մը օգնականներուն:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններուն հիմամբ ձեռք բերուած շրջագծային համաձայնագիրի իրականացման ընթացակարգերը` զօր. Քլիրֆիլտի կողմէ Իսրայէլի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւններու լոյսին տակ: