Խորհրդարանը երէկ առաւօտեան իր նիստի ընթացքին որդեգրեց համաներման օրինագիծը, որ կարգ մը պատիժներու տեւողութիւնը կրճատեց: Նախքան այդ, պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա ներկայացաւ խորհրդարան, սակայն վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անոր դարձեալ չարտօնեց խօսք արտասանել, ուստի շարք մը երեսփոխաններ իբրեւ բողոք հեռացան ժողովասրահէն:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանէն յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց. «Զինուորական հաստատութիւնը կը խօսի նահատակներու անունով, եւ ով ալ որ ըսած է, թէ որոշ նախարար մը կը խօսի որոշ համայնքի մը անունով, սխալած է, ասիկա պատասխանատուի մը կողմէ անպատասխանատու խօսակցութիւն է»:
«Այսօր հրապարակուած համաներման օրէնքին վրայ ժրաջան աշխատանք կատարուեցաւ, եւ մենք անտանելիին տոկացինք: Շնորհակալութիւն մասնաւորաբար այն երեսփոխաններուն, որոնք աշխատանք տարին եւ դաւաճան նկատուեցան», նշեց ան` աւելցնելով. «Գոյութիւնունի զինուորական հաստատութիւն մը, որուն որոշումն ու տեսակէտը պէտք է յարգել, եւ բանակը նահատակներուն անունով կը խօսի, եւ անոնք բոլոր համայնքներէն են»:
«Նախարարները խօսք առին: Ինչո՞ւ պաշտպանութեան նախարարին արգիլուեցաւ խօսք առնել», հարց տուաւ Պու Սաապ:
«Պաշտպանութեան նախարարը իրաւունք ունի օրէնքին վերաբերեալ խօսք արտասանելու, եւ վարչապետը իրաւունք չունի Միշէլ Մնասսային խօսքը արգիլելու, եւ ատիկա բան մըն է, որ ապագային պիտի չկրկնուի», նշեց խորհրդարանի փոխնախագահը:
«Այսօրուան համաներման օրէնքին շուրջ քաղաքական համաձայնութիւն գոյացաւ` էջը փակելու համար, եւ կառավարութիւնը պատասխանատուութիւն կը կրէ անիրաւութիւնը վերցնելու, եւ կրնայ վերստին դատել եւ բողոքարկումը սրբագրել», աւելցուց ան:
Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտարարեց, թէ 146 իսլամական կալանաւորուածներէն 79-ը դուրս պիտի գան բանտերէն:
Անդրադառնալով պաշտպանութեան նախարարին խօսք չարտասանելու հարցին` ան նշեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, սահմանադրութեան համաձայն, կառավարութեան դիրքորոշումը կ՛արտայայտէ, բան մը, որ ան ըրաւ: Սահմանադրութիւնը բոլորէն վեր է, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին միայն խորհրդարանին պետն է»:
Երեսփոխան Ղազի Զաայթեր յայտնեց. «Համաներման օրինագիծը հաւասարակշռուած չէ, անոր մէջ արդարութիւն չկայ: Անիկա բացառութիւններու, համայնքային ու յարանուանական օրէնք մըն է, եւ երէկ պաշտպանութեան նախարարին դէմ սահմանադրական խախտում գործուեցաւ»:
«Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին մէջ մեր տեսակէտով համաներման օրէնքը հակասահմանադրական է», նշեց ան:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Համաներման օրէնքի որդեգրումը շնորհաւոր ըլլայ ճաղերուն ետին գտնուող իւրաքանչիւր անիրաւուածին, որոնցմէ ոմանք` առանց դատավարութեան: Կը շնորհաւորեմ արդարութեան յաղթանակը»:
Խորհրդարանը նաեւ վաւերացուց թիւ 6503 հրամանագիրին մէջ եւ թիւ 36 օրինագիծի` Լիբանանի մէջ դրամատուներու բարեկարգման եւ վերակազմակերպման կարգ մը կէտերու բարեփոխումը, ինչպէս որ ելեւմուտքի եւ ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը զանոնք բարեփոխած էր, եւ նկատի առնելով ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի առաջարկած կարգ մը բարեփոխումները: