Հաքըպի. «Հըզպալլան Ամերիկացիներ Սպաննելու Համար Հարաւային Ամերիկեան 12 Երկիրներու Մէջ Տարածուած Է»

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը միայն Իրանին օդային հարուածներ հասցնելու պատրաստ չէ, այլ նաեւ` անոր սնանկացման պատճառ դառնալու:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գործադրած գործողութիւնը Իրանին մեծ վնաս պատճառեց եւ իրանեան վարչակարգը դրաւ իշխանութեան ստանձնումէն ի վեր ամէնէն տկար դիրքի վրայ:

Հաքըպի ըսաւ, որ Թրամփ կը գիտակցի, թէ իրանեան վարչակարգը տնտեսապէս տկարացնելը կրնայ իրանցի ժողովուրդը մղել զայն տապալելու` յոյս յայտնելով, որ վարչակարգը կը տապալի, որովհետեւ ատիկա աշխարհը կը վերածէ «աւելի լաւ վայրի մը»:

Դեսպանը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը աշխարհի տարածքին ամէնէն շատ թիրախաւորուած անձերէն մէկն է` Թուրքիոյ մէջ անոր օդանաւը փոխելու ծրագիրը որակելով «հանճարեղ ու կատարելապէս գործադրուած»:

Ան նշեց, որ Թրամփը թիրախաւորելու իրանեան սպառնալիքներ գոյութիւն ունին, եւ իսրայէլեան Մոսատը նպաստեց զինք թիրախաւորող սպառնալիքի լրջութեան հաստատման:

Հաքըպի շեշտեց, որ Թրամփ կը գիտակցի, թէ Իրան Միացեալ Նահանգներուն սպառնալիք կը ներկայացնէ, եւ Թեհրանը ամբաստանեց հազարաւոր ամերիկացիներու մահուան պատճառ դարձած յարձակումներու շղթայազերծման մէջ` աւելցնելով, որ իրանեան խնդիրը միայն Միջին Արեւելքով չի սահմանափակուիր, այլեւ ամբողջ աշխարհին կը հասնի:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը պնդեց, թէ Հըզպալլան ամերիկացիներ սպաննելու նպատակով Հարաւային Ամերիկայի 12 երկիրներու մէջ տարածուած է:

 

Leave a Comment