Հայաստան – Ազրպէյճան – Միացեալ Նահանգներ Եռակողմ Հանդիպում

10 օգոստոսին Ուաշինկթընեան խաղաղութեան վեհաժողովի միամեակին առիթով, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Կոստանեանի, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամետովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ալիսոն Հուքըրի հանդիպումը:

Կոստանեան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական ներդրումը թէ՛ նախորդ տարի տեղի ունեցած վեհաժողովի կայացման, թէ՛ ալ ընթացիկ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատութենականացման ծիրին մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են արդէն իսկ արձանագրուած դրական զարգացումներու, շրջանին մէջ ենթակառուցային ծրագիրներու եւ վստահութեան ամրապնդման քայլերու վերաբերեալ:

Ընդգծուած է գոյութիւն ունեցող մարդասիրական խնդիրները հասցէագրելու կարեւորութիւնը:

 

Leave a Comment