Ազրպէյճանի տարածքին մէջ դէպի Հայաստանի սահման կառուցուող երկաթուղին կը նախատեսուի աւարտին հասցնել յաջորդ տարի: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանի մէջ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Յաջորդ տարի երկաթուղին պիտի հասնի Հայաստանի սահման, իսկ Հայաստանի տարածքին մէջ շինարարութիւնը պէտք է արդէն այս տարի սկսի», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Անդրադառնալով ԹՐԻՓՓ նախագիծին, որ Պաքուն կը շարունակէ «Զանգեզուրի միջանցք» կոչել, Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ իրականացուող աշխատանքները գրեթէ աւարտած են: «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծումը, ինչպէս ձեզի յայտնի է, մեր նախաձեռնութիւնն էր: Ազրպէյճանի հիմնական հատուածը անոր անբաժանելի մասին` Նախիջեւանին կապելը մեր վաղեմի երազանքն էր: Մենք վստահութեամբ եւ մեծ հմտութեամբ կը քալենք դէպի այս նպատակը, մենք կը մօտենայինք եւ արդէն մօտեցած ենք», նշած է ան:
«Մենք որեւէ պահու կրնանք արագացնել նախագիծը, պարզապէս ատոր անհրաժեշտութիւնը չենք տեսներ, որովհետեւ հայկական հատուածը պատրաստ չէ», յայտարարած է ան:
Ալիեւի համաձայն, յաջորդ տարի երկաթուղին պիտի հասնի Հայաստանի սահման, իսկ Հայաստանի տարածքին մէջ նախատեսուած 42-քիլոմեթրնոց երկաթուղիի շինարարութիւնը, ըստ անոր, պէտք է սկսի այս տարի:
Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է նաեւ, որ նախագիծը այսօր կը դիտարկուի ոչ միայն իբրեւ փոխադրամիջոցային, այլ նաեւ իբրեւ ուժանիւթային եւ ենթակառուցային միջանցք:
Հայաստանի Տարածքին Մէջ Ազրպէյճանցի Մասնագէտները Ուսումնասիրութիւններ Կատարած Են
«Հայաստանի տարածքին մէջ մեր մասնագէտներուն կատարած ուսումնասիրութեան հիմամբ անոնք նոյնիսկ որոշած են այն վայրերը, ուր պէտք է տեղադրուին ելեկտրահաղորդման գիծերու յենասիւները», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ յոյս ունի, որ հայկական կողմը չի ձգձգեր այդ աշխատանքները:
Անոր համաձայն, արդէն պատրաստ է նաեւ Ազրպէյճանի հիմնական տարածքէն դէպի Նախիջեւան, Հայաստանի տարածքով, ելեկտրահաղորդման գիծի նախագիծը: Ալիեւ պնդած է, որ այդ ենթակառոյցը կրնայ նաեւ օգտակար ըլլալ Հայաստանին` պնդելով, թէ երկրի գործող հիւլէական կայանը հինցած է եւ ապագային կրնայ փակուիլ:
Անդրադառնալով ԹՐԻՓՓ նախագիծին` Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն ետք ատոր իրականացումը արդէն մեկնարկած է: Անոր համաձայն, օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին եւս քննարկած են այդ նախագիծը եւ վերահաստատած, որ անիկա պէտք է իրականացուի մօտիկ ապագային: