Պէյրութ Մարաթոն Միութեան Հետ. Պրումմանայի Քաղաքապետարանը Կը Կազմակերպէ «Պրումմանայի Վազքի Փառատօն»-ը

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, վերջերս Պրումմանայի քաղաքապետ Փիեռ Աշքար եւ Պէյրութ մարաթոն միութեան նախագահ Մայ Խալիլ յայտարարեցին, որ «Պրումմանայի վազքի փառատօն»-ը տեղի պիտի ունենայ 23 օգոստոսին, Պրումմանա գիւղաքաղաքին մէջ:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Պրումմանայի փոխքաղաքապետ Ուալիտ Ռիզք, քաղաքապետական խորհուրդի այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ աթլեթիզմի, Ողիմպիական խաղերու յանձնախումբի անդամներ եւ այլ յայտնի դէմքեր:

Խօսքեր առին քաղաքապետն ու Պէյրութ մարաթոնի նախագահ Մայ Խալիլ, որ յայտնեց, թէ 23 տարիներէ ի վեր գործող այս միութիւնը կը փորձէ ամէն առիթով կազմակերպել այսպիսի ձեռնարկներ` միշտ իրար միացնելով լիբանանցները բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր տեղ չունին բաժնող հարցեր, այլ միայն միութիւնն է զօրութիւնը:

Leave a Comment