Ժոմպլաթ. «Ոչ Թէ Մասնատումէն Կը Վախնամ, Այլ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումէն»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր «Մերձաւոր Արեւելքէն Ճակատագիր մը» խորագրեալ  գիրքի շնորհահանդէսի ընթացքին յայտնեց. «Կարելի չէ Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխել, որովհետեւ դուռ կը բանայ բազմաթիւ բարեփոխումներու, եւ լիբանանեան կառուցուածքին հետեւանքով կարելի չէ քաղաքական համայնքայնութեան յօդուածը գործադրել»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ` Ժոմպլաթ ըսաւ. «Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու բարելաւումն ու ամրապնդումը Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման համար շատ օգտակար է»:

Պատասխանելով շրջանային նոր դաշինքներու լոյսին տակ Լիբանանի դիրքին վերաբերեալ հարցումի մը` ան յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մեր չափին մէջ մնանք եւ գիտնանք ինչպէս բանակցիլ, մենք մեզ ու մեր ազգային միասնականութիւնը ուժեղացնել, բոլոր կողմերուն հետ երկխօսութիւն կատարել եւ Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները բարելաւել»:

Պատասխանելով մասնատման ու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին հարցումի մը` Ժոմպլաթ նշեց. «Ոչ թէ մասնատումէն կը վախնամ, այլ` իսրայէլեան հարաւային հովէն, այսինքն` բնականոնացումէն, եւ կը պնդեմ, որ Լիբանան անոր դիմաց խոչընդոտ մնայ»:

«Ես երկխօսութեան հետ եմ, մասնաւորաբար շրջանին մէջ տեղի ունեցածին, Պապ Մանտեպի մէջ սկսած լարուածութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ վրայ յարձակումին լոյսին տակ: Ամբողջ շրջանը դէպի արհաւիրք կ՛ուղղուի, եւ արաբները ամէնէն բարձր գինը պիտի վճարեն», յայտնեց Ժոմպլաթ:

Leave a Comment