Ազրպէյճանն ու Հայաստանը մէկ տարուան ընթացքին կարեւոր եւ վճռական քայլեր ձեռնարկած են, որպէսզի խաղաղութիւնը շօշափելի իրականութիւն դարձնեն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար: Այս մասին կը նշուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Փասքալ Քոնֆաւրէոյի 8 օգոստոս 2025 թուականին Ուաշինկթընի վեհաժողովի միամեակին առիթով կատարուած յայտարարութեան մէջ:
«8 օգոստոս 2026-ին կը նշուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած պատմական համաձայնագիրի միամեակը: Անցեալ տարուան ընթացքին երկու երկիրներու իշխանութիւնները կարեւոր եւ խիզախ քայլեր ձեռնարկած են, որպէսզի խաղաղութիւնը շօշափելի իրականութիւն դարձնեն իրենց ժողովուրդներուն համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Անոր համաձայն, Ֆրանսան կ՛ակնկալէ, որ այս գործընթացը շարունակուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեամբ եւ վաւերացումով, սահմաններու բացումով եւ շրջանային փոխադրամիջոցային կապակցուածութեան զարգացումով, որպէսզի Հարաւային Կովկասը վերստին դառնայ լիարժէք համագործակցութեան տարածք եւ Եւրոպան ու Ասիան կապող օղակ:
Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսան իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ պիտի շարունակէ աշխուժօրէն աջակցիլ այս հոլովոյթին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան լիակատար յարգումով: