Հայաստանն ու Ազրպէյճանը դէպի մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր կը շարժին: «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
«Կովկասի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութենէն ետք յոյսով ենք, որ այժմ զինադադար կայ, զինադադար, որ լաւ կը գործէ», կը նշէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը շարժին դէպի մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր, եւ մենք կ՛աջակցինք ատոր: Աջակցելով այս հոլովոյթին` մենք հաշուի կ՛առնենք անվտանգութեան եւ տնտեսական ճարտարապետութեան հեռանկարը»: