Լիբանանի մէջ ցամաքային փոխադրամիջոցներու միութիւններու եւ սենտիքաներու նախագահ Պասսամ Թլէյս մերժեց կառավարութեան «շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն» նշանաբանին տակ վառելանիւթերու վրայ նոր տուրք հաստատելու փորձը:
Ան ըսաւ, որ ցամաքային փոխադրամիջոցներու միութիւններն եւ սենտիքաները շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան սկզբունքին դէմ չեն, անոր կը զօրակցին, սակայն «ատիկա կարելի չէ կատարել` աւելի շատ գումար վերցնելով գրպաններէն այն քաղաքացիներուն, որոնք հազիւ կը կարողանան ծայրը ծայրին հասցնել եւ բաւարարել կենսական անհրաժեշտութիւնները»:
«Ի՞նչ շրջակայ միջավայրի մասին կը խօսինք, երբ տեղի կ՛ունենայ յարձակում, որ ատոր առնչուած ամէն բան կ՛այրէ եւ կը քանդէ», հարց տուաւ ան:
«Այսօր առաջնահերթութիւնը պէտք է քաղաքացիներուն տառապանքին մեղմացումը ըլլայ, եւ ոչ թէ անոնց ապրուստի իրավիճակին չհամապատասխանող նշանաբաններու տակ անոնց վրայ նոր բեռերու պարտադրումը», շեշտեց Թլէյս:
Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` «վերատեսութեան ենթարկելու այս ուղղուածութիւնը եւ որոնելու արդար լուծումներ, որոնք հաշուի կ՛առնեն լիբանանցիներուն ապրած դժուար պայմանները»: