Չինաստանը պատրաստ է զինուորական հարցերով Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցելու, սակայն վճռականօրէն դէմ է Թայուանին ամերիկեան սպառազինութեան վաճառքին: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է Ուաշինկթընի մէջ Չինաստանի դեսպանատան մամլոյ քարտուղար Լիու Չան:
Ան մեկնաբանած է ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթի յօդուածը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Թայուանին զէնքի վաճառքին կողմ արտայայտուող Փենթակոնի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էլպրիճ Քոլպին արդէն տեւաբար չի կրնար Չինաստանի կառավարութենէն երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման համար Չինաստան այցելելու հրաւէր ստանալ:
«Զինուորական ոլորտին մէջ չին-ամերիկեան յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը կը համապատասխանէ երկու կողմերու հասարակաց շահերուն եւ կ՛արդարացնէ միջազգային ընտանիքի ակնկալութիւնները:
«Չինաստան պատրաստ է համագործակցելու Միացեալ Նահանգներու հետ` երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ ձեռք բերուած կարեւոր միացեալ պայմանաւորուածութիւնները անկեղծօրէն կատարելու, իրարու հիմնական շահերն ու հիմնական մտահոգութիւնները յարգելու, փոխազդեցութիւնն ու երկխօսութիւնը ամրապնդելու, տարակարծութիւնները պատշաճ կերպով կարգաւորելու, փոխադարձ վստահութիւնը մեծցնելու եւ կասկածները փարատելու, ինչպէս նաեւ զինուորական յարաբերութիւններու կայուն եւ անընդհատ կայուն ու դրական հունով զարգացման նպաստելու նպատակով, որպէսզի կառուցողական դեր խաղայ չին-ամերիկեան յարաբերութիւններու համար աւելի պայծառ ապագայ կերտելու եւ ամբողջ աշխարհի վրայ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու գործին մէջ», ընդգծած է մամլոյ քարտուղարը:
«Միեւնոյն ժամանակ ես կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Չինաստանի դիրքորոշումը, որ վճռականօրէն դէմ է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թայուանին զէնքի վաճառքին, հետեւողական է եւ յստակ», աւելցուցած է ան:
Ուաշինկթըն դեկտեմբեր 2025-ին հաւանութիւն տուած է Թայուանի հետ մրցանշային` 11 միլիառ տոլարի զէնքի վաճառքի գործարքին: Քոլպի այդ համաձայնագիրին պատրաստութեան վրայ աշխատած է: