Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հռոմի մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ ազգային գլխաւոր հարցերուն եւ ընդհանուր հարցերու:
«Վատիկանը Լիբանանի կողքին կը կանգնի եւ նախանձախնդիր է անոր աջակցելու, եւ պէտք է այս հետաքրքրութեան ու վստահութեան մակարդակին վրայ ըլլանք», ըսաւ ան:
Պատրիարքը նշեց, որ հանրապետութեան նախագահի դիրքորոշումները պատուական ու հայրենասիրական են, եւ վստահութիւն ու հանգստութիւն կը հաղորդեն բոլոր լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ ներկայ փուլը կը պահանջէ «դիրքորոշումները միաւորել եւ հաւաքուիլ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն շուրջ` դիմակայելու համար մարտահրաւէրները եւ պաշտպանելու համար Լիբանանը»:
Ան նախագահ Աունին շնորհակալութիւն յայտնեց Էլիաս Հուայէք պատրիարքի երանացման հանդիսութեան մասնակցութեան համար` նշելով. «1965 թուականէն մինչեւ այսօր, այսինքն` Սուրբ Շարպելի երանացումէն ի վեր, 15 սուրբեր ու երանելիներ ունեցանք: Ասիկա կը նշանակէ, թէ երկինքը բաց է եւ լիբանանցիներուն հետ կը խօսի, որ իրենք իրենց, իրենց հայրենիքին ու իրենց պետութեան վստահին»:
Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանին, Ռայի պատրիարքը նշեց, թէ կաթողիկէ դպրոցները տակաւին բաց են եւ աշխատանք կը տանին կրթաթոշակներու հարցը լուծելու` շեշտելով. «Մենք հարաւային Լիբանանի ժողովուրդին հետ ենք, եւ անոնց տունդարձը եւ վերաշինութիւնը կը պահանջենք»: