Վինիսիուս Ժունիորի Վիճակը Յստակ Չէ Տակաւին

Այս շաբթուան սկիզբէն Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիորի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսան:

Ռէալ Մատրիտ գիտէ, որ Վինիսիուս 2027-ին ազատ մարզիկի կարգավիճակ կրնայ ունենալ, եւ այդ պատճառով ալ կ՛ուզէ լուծել անոր հարցը: Արսենալ պատրաստ էր զայն ձեռք ձգելու, իսկ Ռէալի ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ «Վինի»-ի հսկայ նիւթական պահանջները կատարելու, հակառակ անոր որ երկու կողմերէն փոքր զիջումներով կրնայ լուծուիլ ամէն ինչ:

Առաջին օրուան բանակցութիւններէն ետք, Ֆապրիցիօ Ռոմանօ նոյնիսկ յայտարարած էր, որ Վինիսիուս պիտի երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը: Հակառակ Ռէալ Մատրիտի համար դրական այս լուրերուն, Վինիսիուս Ժունիոր զարմանալիօրէն իր ընկերային ցանցերու էջերէն ջնջած է Ռէալ Մատրիտի շապիկով իր նկարները եւ նոյնիսկ գրառումները:

Այս զարմանալի քայլը գրաւեց ուշադրութիւնը բոլոր իր համակիրներուն, որոնք կը սպասէին աւելի դրական քայլեր:

Ռէալ Մատրիտ մինչեւ 2031 թուական երկարաձգում առաջարկած էր Վինիսիուսի տարեկան 22 միլիոն եւրօ աշխատավարձով, սակայն այդ թիւին շատ համամիտ չէր Վինիսիուս, որ վստահաբար կ՛ուզէ ստանալ Քիլիան Էմպափէի մօտ աշխատավարձ մը (31,25 միլիոն եւրօ):

Բայց այլ յատկանշական բան մըն ալ կայ: Նախապէս, անցեալ ամրան, ակումբներու Մոնտիալէն ետք ալ, Վինիսիուս քննադատութիւններու ենթարկուելէ ետք իր լուսանկարները ջնջած էր ընկերային ցանցերու էջերէն (Ռէալ Մատրիտի շապիկով), եւ վստահաբար ոչ մէկ իմաստ կրնայ ունենալ այդ մէկը:

 

 

Leave a Comment