«Էն. Պի. Էյ.» Արեւելեան Եւ Արեւմտեան Շրջաններու Թեկնածուները` 2026-2027 Տարեշրջանի

Ներկայիս տեղի կ՛ունենան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամառնային մրցաշարքերը, որոնց ընթացքին խումբերը իրենց նոր եւ երիտասարդ մարզիկները կը պատրաստեն:

Ամփոփ ձեւով կը ներկայացնենք երկու շրջաններու թեկնածու խումբերուն, ինչպէս նաեւ լաւ փոխանցումներ կատարող խումբերուն այժմու վիճակը:

Արեւելեան շրջանը վերջին 27 եղանակներուն 24 անգամ կորսնցուցած է աւարտականի մրցումներուն` Արեւմտեան շրջանին դէմ, ինչպէս նաեւ արեւմուտքի 17 խումբեր վերջին 27 տիտղոսները շահած են:

Բայց այժմու «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանը Արեւելեան շրջանէն է (Նիւ Եորք Նիքս), որ ունի աւելի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեաններ (10 խումբ), քան Արեւմտեան շրջանը (9 խումբ):

Այժմ եթէ նայինք խումբերու պատրաստութիւններուն կը նկատենք, թէ կը սպասուի, որ Մայքըլ Ճորտընի օրերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Արեւելեան շրջանի խումբեր կրնան շատ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել, քան անցեալ տարիներուն:

Հիմա, որ փոխանցումներու հաւանականութիւնը շատ նուազած է, կրնանք նայիլ խումբերուն վիճակին, որ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

– Ճէյլըն Պրաուն եւ Լըպրոն Ճէյմս միացան Թայրիս Մեքսիին եւ Ժոել Էմպիտին` բաւական զօրացնելով Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը:

– Ճիշդ է, որ Պոսթըն Սելթիքս փոխանցեց Պրաունը, բայց այս տարեշրջանին առողջ Ճէյսըն Թէյթըմը պիտի ունենայ իր երիտասարդ խմբակին հետ:

– Մայեմի Հիթ ձեռք ձգեց Ճիանիս Անթեթոքումփոն:

– Օքլահոմա Սիթի Թանտըրէն 3 փոխարինող մարզիկներ միացան Աթլանթա Հոքսին եւ Տիթրոյիթ Փիսթընզին, մինչ Ճուլիըս Ռենտըլ միացաւ Մինեսոթային:

– Շատ հաւանաբար Քուայ Լենըրտ միանայ Թորոնթոյին (անգամ մը եւս):

– Թայրիս Հալիպըրթըն այժմ առողջ վիճակի մէջ է եւ պիտի վերադառնայ Ինտիանա Փէյսըրզին:

– Թրէյ Եանկ եւ Անթոնի Տէյվիս միացան Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին, որ ձեռք ձգեց նաեւ լաւագոյն նորեկ մարզիկ Էյ. Ճի. Տիպանցան:

Անցեալ տարուան փլէյ-օֆի մրցումներուն մասնակցող արեւելեան 8 խումբերը այս աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին:

Արեւմտեան շրջանի խումբերը այժմ աւելի «տկար» կը թուին ըլլալ անուններու առումով, բայց տակաւին լաւ խումբեր կան Սան Անթոնիօ Սփըրզի եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին նման:

Ըստ երեւոյթին Արեւմտեան շրջանի պայքարը անգամ մը եւս պիտի ըլլայ Սփըրզ-Օքլահոմա զոյգին միջեւ, բայց պասքեթպոլը խմբային խաղ է, եւ աստղեր կրնան մրցումներ յաղթել, բայց լաւ պատրաստուած խումբեր միայն կրնան ախոյեան դառնալ:

 

 

Leave a Comment