ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, Մարոքին առաջարկած է 2030-ի Մոնտիալի աւարտականը, պարզապէս ստանալու համար անոր քաջալերանքը:
Ինֆանթինօ հսկայ ճնշումի տակ է շատ մը ֆետերասիոններու աջակցութիւնը կորսնցնելէ ետք:
Կալես երկուշաբթի օր պաշտօնապէս ետ պահած էր իր աջակցութիւնը, անոր յաջորդած էին Սերպիա եւ Շուէտ, եւ Անգլիա շատ հաւանաբար յաջորդը ըլլայ:
Իտալացի-զուիցերիացի Ինֆանթինօ արտակարգ ժողովի հրաւիրած էր ՖԻՖԱ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուները Ռապաթի (Մարոք) իր նոր գրասենեակին մէջ:
Ըստ «Թայմզ»-ի լրագրող Մարթին Զիկլերի, Ինֆանթինօ առաջարկած է, որ Մարոք, որ իր ամէնէն հաւատարիմ դաշնակիցներէն մէկն է, իր 10 տարուան նախագահի ժամանակաշրջանին հիւրընկալէ 2030-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումը: Այդ Մոնտիալը պիտի հիւրընկալեն Փորթուգալն ու Սպանիան, Մարոքի կողքին: Ասոր փոխարէն, Ինֆանթինօ կ՛ուզէ, որ Մարոք հրապարակաւ իր քաջալերանքը յայտնէ` միանալով Ինտոնեզիոյ նման երկիրներու, որոնք կ՛ուզեն Ինֆանթինոն:
Յունիսին Սպանիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Ռաֆայէլ Լուսան յայտնած էր, որ Սպանիա անկասկած պէտք է հիւրընկալէ 2030-ի մոնտիալի աւարտական մեծ մրցումը:
Մարոքի հաւանութեան կողքին, Ինֆանթինօ անպայման կ՛ուզէ ստանալ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հաւատարմութիւնը, մանաւանդ որ այդ երկիրը երկար ժամանակէ ի վեր «մօտ» եղած է Ինֆանթինոյին եւ պիտի հիւրընկալէ 2034-ի Մոնտիալը: Սակայն այս մէկ շաբթուան աղէտալի վիճակին ընթացքին Սէուտական Արաբիա ոչ մէկ խօսք ունեցած էր ըլլայ ժխտական կամ դրական` ԻՆֆանթինոյի դիրքերը աւելի տկարացնելով:
Ինֆանթինօ մինչեւ իսկ ուզեց «ՖԻՖԱ-ի առասպելներ» խմբակին կապուիլ` ստանալու համար անոնց հաւատարմութիւնը: Այդ խմբակին մաս կը կազմեն Ռոնալտոյի, Անտրէա Փիրլոյի եւ Լուիս Ֆիկոյի նման աստղեր, որոնք ՖԻՖԱ-ի դեսպաններ եղած են աշխարհի ծագերուն: Սակայն Ֆիկօ եղաւ առաջին աստղը, որ բացայայտօրէն պահանջած էր Ինֆանթինոյի հրաժարականը:
«Ինֆանթինօ նոյնիսկ փոխադրած է ՖԻՖԱ-ի նախագահի գրասենեակը, որ խոստացած էր բարելաւել: Ան սուտեր խօսած է, դաւաճանած է եւ փորձած է իր անձնական բոյնը շինել ֆութպոլի հաշուոյն: Ան կորսնցուց իր ամէնէն մօտ խորհրդականներուն հաւատարմութիւնը, եւ իրենց կեանքը նուիրած անձերը մոռնալով ՖԻՖԱ-ի խաղաղութեան մրցանակ մը ստեղծած էր: Այժմ պատիւը պահելու համար շատ ուշ է, բայց ուշ չէ ֆութպոլը փրկելու: Պէտք է երթայ… հիմա», ըսած է վճռական Ֆիկօ:
«Թայմզ»-ի լուրերուն համաձայն, նախկին աստղերէն ոչ մէկը իր հաւատարմութիւնը յայտնած է Ինֆանթինոյին, որ առանձին կը մնայ: «Պիտի ուզէին, որ յայտնի հին դէմքերէն մէկը քաջալերական խօսքեր խօսէր Ինֆանթինոյի մասին, բայց մոնտիալը «ծախելու» նպատակէն ետք, բոլորին թշնամին դարձաւ», գրած է «Թայմզ»: