Հայաստանի Բարձրագոյն Դասակարգ. Սարդարապատ Գլխաւորեց Դասաւորումը Առաջին Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի առաջին հանգրուանի մրցումներէն ետք մեծ թիւով կոլեր նշանակուեցան, եւ գլխաւոր հերոսն էր բարձրագոյն դասակարգի նոր խումբերէն Սարդարապատը:

Սարդարապատ 4-1 արդիւնքով ջախջախիչ արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վանը եւ գլխաւորեց դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ Սիւնիք 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Նոայէն իր առաջին մրցումին:

2026-2027 տարեշրջանին բարձրագոյն դասակարգի խումբերուն թիւը 10-էն բարձրացած է 12-ի: Բարձրագոյն դասակարգին միացան Սիւնիքն ու Սարդարապատը, իսկ Շիրակ մնացած էր նոյն դասակարգին մէջ:

Տարեշրջանի իր առաջին մրցումին Սարդարապատ Չարենցաւանի մէջ 4-1 արդիւնքով յաղթեց դաշտի տէրերուն: Տարեշրջանի առաջին կոլը նշանակեց Լեւոն Պետրոսեան 31-րդ վայրկեանին, եւ կիսախաղէն առաջ Համլեթ Մինասեան փենալթիով արդիւնքը բարձրացուց 2-ի: 17 տարեկան Ջանիկ Դաւթեան անմոռանալի կոլ մը նշանակեց, բայց Վան փենալթին նշանակեց իր միակ կոլը Պետրոս Աւետիսեանի շնորհիւ: Մրցումի յաւելեալ վայրկեաններուն Արթուր Դանիէլեան 4-րդ կոլը նշանակեց` դառնալով Սարդարապատի եւ մրցումի վերջին կոլ նշանակողը:

Դաւիթեան դարձաւ Սարդարապատի ակադեմիայի առաջին սանը, որ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ կոլ նշանակեց:

Անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Արարատ Արմենիա 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գանձասարը` այս վերջինիս դաշտին վրայ, մինչ Երեւանի բանակայինները սպիտակ հաւասարութիւն արձանագրեցին Շիրակի հետ:

Նոա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սիւնիքը, մինչ Ուրարտու 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Փիւնիկի հետ: Փիւնիկ 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր, բայց 92-րդ եւ 95-րդ վայրկեաններուն Ուրարտու 2 կոլեր նշանակեց Միքայէլ Միրզոյեանի եւ Նիքոլաոս Քայնուրիոսի շնորհիւ (սխալմամբ իր բերդին մէջ): Ալաշկերտ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Արարատ Երեւանը:

Այսօր կը շարունակուի ախոյեանութիւնը, ուր Արարատ Արմենիա պիտի մրցի Ուրարտուի դէմ, իսկ Արարատ Երեւան` Սարդարապատի:

Վաղը Գանձասար պիտի հիւրընկալէ Սիւնիքը: Փիւնիկ պիտի մրցի Վանի դէմ, իսկ Շիրակ` Նոայի (կիրակի օր), մինչ երկուշաբթի օր Ալաշկերտ պիտի մրցի Երեւանի բանակայիններուն դէմ:

Leave a Comment