Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին Ահտի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր 3-րդ եւ վերջին մրցումին պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ, առաջին դիրքի մրցումին:

Պէյրութի նահանգի Բ. խմբակի այս մրցումին պիտի պարզուի, թէ ո՛վ առաջին դիրքը պիտի գրաւէ եւ կիսաւարտականին պիտի մրցի առաջին խմբակի երկրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ:

Վստահաբար երկու խումբերն ալ պիտի հասնին կիսաւարտական, բայց բնական է, որ աւելի նպաստաւոր ըլլայ առաջին դիրքին վրայ աւարտելը:

Երկու խումբերն ալ իրենց նախկին մրցակիցներուն մեծ արդիւնքներով յաղթած էին:

ՀՄԸՄ 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Նուժումին, իսկ 9-1 արդիւնքով` Ֆ. Ք. Պէյրութին: Անդրանիկ իր կարգին 4-2 արդիւնքով յաղթած էր Ֆ. Ք. Պէյրութին, իսկ երկրորդ մրցումին 8-0 արդիւնքով` Նուժումին:

Բազմաթիւ մարդիկ չեն գիտեր, որ յանձնախումբը մեծ աշխատանք կը տանի ոչ միայն Դ. դասակարգի խումբին, այլ ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր կառոյցին վրայ, այսինքն` ակադեմիայի եւ տարիքային խումբերուն վրայ, որոնք տարիներէ ի վեր չէին մասնակցեր Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւններուն:

Այժմու խումբին մաս կը կազմեն 5 հայ մարզիկներ, պարզապէս այդ պատճառով որ չունինք բաւարար տղաք, որոնք կրնան մասնակցիլ Դ. դասակարգին: Այժմու աշխատանքը երկար ժամանակի վրայ է, եւ տարիներու ընթացքին 18-էն վար խումբէն, ինչպէս նաեւ 16 տարեկաններու եւ 14 տարեկաններու խումբերէն, յաջորդ տարիներուն պիտի տեսնենք մեծ թիւով պատրաստ տղաք, որոնք պիտի կրեն ՀՄԸՄ-ի շապիկը, մինչ տարիքային ախոյեանութիւններուն պիտի մասնակցին այժմու ակադեմիայի պատանիները, որոնք լուրջ մարզումներով պիտի ըլլան յաջորդող տարիքային խումբերը, եւ շրջանակը կը շարունակուի ճիշդ ձեւով, առանց վստահելու այլ խումբերէ մարզիկներու:

Այս տարի, օրինակ` կապեր հաստատուած են Շապապ Սահելի, Անսարի եւ Ահտի հետ` ձեռք ձգելու համար երիտասարդ մարզիկներ, որոնք առիթ չունէին խաղալու առաջին դասակարգին մէջ քանի մը տարի, եւ զուտ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ պիտի կրեն ՀՄԸՄ-ի շապիկը եւ բարձրանան աւելի բարձր դասակարգեր:

 

 

Leave a Comment