Քաթարը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները կ՛ականահարեն Կազայի համաձայնութիւնը` նշելով, որ Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները կ՛ականահարեն երկու պետութիւններու հիմամբ լուծումը:
Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է Իսրայէլին պարտադրէ յարգել իր յանձնառութիւնները եւ ոտնձգութիւններուն համար հաշուետուութեան ենթարկէ պատասխանատուները:
Ութ երկիրները շեշտեցին, որ կը մերժեն պաղեստինեան հողերը կցելու եւ պաղեստինցիները տեղահանելու փորձերը: