Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան բանակցելու փափաք յայտնած է` նշելով, որ բանակցութիւնները լաւ ձեւով կ՛ընթանան:
Թրամփ աւելցուց, որ բանակցութիւնները կրնան յաջողիլ կամ ձախողիլ` ընդգծելով, որ իր երկիրը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային Իրանի վրայ յարձակում գործելու:
Սակայն Սպիտակ տան ղեկավարը շեշտեց, որ կը նախընտրէ համաձայնութեան հասնիլ, եւ կռիւի ու ամէն ինչ քանդելու չի ձգտիր:
Ան ըսաւ, որ Իրան իրեն հետ կապ հաստատած է, որովհետեւ չ՛ուզեր «Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն յարձակումին» ենթարկուիլ:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս յայտնեց. «Իրանեան վարչակարգին մէջ կան անձեր, որոնք կ՛ուզեն պատերազմին վերջ տալ, անոնց կողքին կան ծայրայեղականներ, որոնք անոր շարունակումը կ՛ուզեն»:
Ան իրանցիները բնութագրեց իբրեւ «յամառ», իսկ վարչակարգը` իբրեւ «ճեղքռտուած»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը յայտնեց, որ ուժանիւթի գիները պիտի նուազին, եւ Իրանը հիւլէական զէնք չունի, ինչ որ Միացեալ Նահանգները պիտի դնէ ուժեղ դիրքի վրայ:
Վենս նաեւ հերքեց Թրամփի հետ Իրանի հարցին շուրջ տարակարծութեան գոյութիւնը` շեշտելով, որ աշխատանք կը տանի գործադրելու անոր որոշումները, եւ զինուորական, տնտեսական ու դիւանագիտական բոլոր գործիքները կ՛օգտագործուին յարմար լուծումի հասնելու համար:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահիր Հիւսէյն Անտրապի յայտնեց, որ իր երկիրը տակաւին, այլ երկիրներու կողքին, մասնակից է Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի եւ Հորմուզի նեղուցի կացութեան կարգաւորման:
Ան շեշտեց, որ նեղուցին հարցով համապարփակ ու տեւական լուծումի հասնելու փաքիստանեան դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակուին:
Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը սէուտական «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ քանի մը օր ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի Իսլամապատ այցելութիւնը կը նախատեսուի:
«Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ անուղղակի հաղորդակցութիւնները վերջնական փուլ մուտք գործեցին», նշեց աղբիւրը` աւելցնելով. «Թեհրանի եւ Մասքաթի համաձայնութիւնը տակաւին Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հաւանութեան կարիք ունի», եւ «Հորմուզի նեղուցի վերաբացման համաձայնութիւնը քանի մը օրէն կրնայ յայտարարուիլ»:
Ըստ բարձրաստիճան աղբիւրին, առաջարկուած համաձայնութիւնը 60 օրուան վրայ կ՛երկարի եւ անոր նպատակը նաւարկումի վերականգնումն է` աւելցնելով, որ Հորմուզի նեղուց մուտք գործող նաւերը պիտի օգտագործեն Իրանի ամէնէն մօտիկ նաւարկման միջանցքը, իսկ հեռացողները` Օմանի ամէնէն մօտիկ նաւարկման միջանցքը: