Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ Եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

Սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանը Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտարի, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողքին մասնակցած է շրջանային չորս կողմերու 5-րդ ժողովին:

«Պըն Ֆարհան ժողովի ընթացքին իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեց շրջանային կացութիւնը, ջանքերը շարունակելու եւ համակարգումը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային ներկայ խնդիրներու վերաբերեալ դիրքորոշումներու միաւորումը», յայտնեց լրատու գործակալութիւնը:

Նախարարները շեշտած են Հորմուզի նեղուցի եւ Պապ Մանտեպի մէջ ջրային ուղիներու անվտանգութիւնը ապահովելու ջանքերուն աջակցելու կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի երաշխաւորէ նաւարկութեան ազատութիւնը եւ պիտի նպաստէ մատակարարման շղթաներու եւ ուժանիւթի շուկաներու կայունութեան պահպանութեան:

Նախարարները բարձր գնահատած են Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութիւնը` ստեղծելու ծովային անվտանգութեան ամրապնդման, միջազգային ծովային ուղիներու պաշտպանութեան եւ միջազգային նաւարկման ու առեւտուրին ուղղուած սպառնալիքներուն հակազդելու ծովային պաշտպանութեան բազմազգ դաշինք:

Նախարարները նաեւ քննարկած են լարուածութեան մեղմացման եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներու լուծման ուղղուած ջանքերը, դիւանագիտական լուծումներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը, Փաքիստանի եւ Քաթարի միջնորդական ջանքերը եւ ամրապնդումը բոլոր այն քայլերուն, որոնք կը յարգեն պետութիւններու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը` շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար:

Leave a Comment