Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց, որ «ահաբեկչութեան» ենթակառոյցի քանդումն ու իսրայէլեան բանակին Լիբանանի մէջ ապահովական ընդարձակ տարածքի մէջ մնալը Իսրայէլի հիւսիսի բնակիչներու անվտանգութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտ հարց եր են: Ան այս մասին յայտարարած է «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
Սմոթրիչի դիրքորոշումը համահունչ է յայտարարութիւններուն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քացի եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, որոնք ընդգծեցին. «Իսրայէլեան բանակը սահմանէն կամ հարաւային Լիբանանի մէջ ստեղծուած ապահովական շրջաններէն պիտի չհեռանայ, առանց Հըզպալլան ամբողջովին զինաթափելու պայմանի իրագործման»:
Սմոթրիչ նախապէս ալ յայտնած էր. «Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի ապահովական գօտիին մէջ պիտի մնայ երկար տարիներ, առնուազն մինչեւ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումը»:
«Իսրայէլի պաշտպանութեան պիւտճէն կը կազմուի յաջորդ տասնամեակին համար` հիմնուելով այնտեղ բանակի համար կայուն ռազմակայաններու եւ դիրքերու ստեղծման վրայ», աւելցուց Սմոթրիչ: