Ռիատիի տղոց պասքեթպոլի խումբը յաջորդաբար 4-րդ տարին ըլլալով շահեցաւ Լիբանանի ախոյեանութիւնը` 7-րդ եւ վերջին ճակատումին յաղթելէ ետք Սաժեսին` 100-79 արդիւնքով:
Այս տարուան տիտղոսը շատ հաւանաբար Ռիատիի ամէնէն դժուար տիտղոսն էր բազմաթիւ պատճառներով:
Ռիատի, որ 1992-էն ետք նոր ձեւաչափի ախոյեանութեան իր 20-րդ տիտղոսը շահեցաւ, տարեշրջանին սկիզբէն որոշած էր խումբը պատրաստել Ուաէլ Արաքժիի, Սերժիօ Տարուիշի եւ Մարքուս Հանթի շուրջ, սակայն ամէն բան փոխուեցաւ մանաւանդ Հանթի, ապա Արաքժիի վիրաւորուելուն պատճառով, մինչ Տարուիշ, որ ըստ սկզբնական պայմանագրութեան պիտի սկսէր Ռիատիի հետ կիսաւարտականէն սկսեալ, չմիացաւ անհամաձայնութեան պատճառով:
Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան պատերազմէն առաջ ալ խումբին վիճակը այլ էր Փերըն Պիւֆորտի, Մորիս Քեմփի եւ Նունի Օմոթի հետ, եւ աւելի կանուխ Իվան Պուվայի հետ: Պատերազմէն ետք, երբ խումբերը շարունակեցին իրենց ելոյթները, Տուշան Միլեթիչ, Քոաթ Նոյ եւ Մարքուս Հանթ սկզբունքով պիտի ըլլային օտարները, բայց Հանթ հազիւ 8 մրցում կրցաւ խաղալ, եւ աւարտականի մրցումներուն Ռոնալտ Մարշ միացաւ խումբին:
Սաժես իր կարգին «վարժուած» էր օտար մարզիկներ փոխելու, եւ 7 օտարներ փորձելէ ետք վերջնականապէս վստահեցաւ 4 մարզիկներու, որոնցմէ միայն 3-ը մասնակցեցան աւարտական 7 ճակատումներուն, մինչ 4-րդը, որ Սիմի Շիթուն էր, առիթ չունեցաւ խաղալու:
Թոնի Քարր, Քեւըն Մըրֆի, Ուոլթըր Հոճ, Էրիք Կրին, Փարես Պաս, Մաքուր Մէյքըր եւ Պայրըն Ուեզլի բոլորն ալ փայլուն ելոյթներ ունեցած էին, բայց ինչպէս վերջին 3 տարիներուն, միշտ ալ խումբը անկայուն վիճակ մը ունէր, հակառակ անոր որ մեծ թիւով աստղեր կային:
Տեշանտրէ Ուաշինկթըն մեծ կարողութիւններու տէր մարզիկ մըն է, մինչ Սեքու Տումպույա եւ Թայրել Հերիսըն բաւական լաւ էին, բայց լիբանանցիներ Ալի Մըզհերի, Ժատ Խալիլի, Եուսեֆ Խայյաթի, Ժերար Հատետեանի եւ Ալի Հայտարի նման բնաւ կայուն ելոյթներ չէին ունենար:
Աւարտականի ճակատումներն ալ նոյն ձեւի մնացին: Առաջին մրցումին Ռիատի գրեթէ ամբողջ մրցումին տիրապետելէ ետք վերջին մասին բաւական կէտեր զիջեցաւ, բայց ի վերջոյ յաղթեց 92-89 արդիւնքով:
Երկրորդ ճակատումին Սաժես 101-96 արդիւնքով յաղթեց` իր համակիրներուն քաջալերանքին շնորհիւ:
Պէտք է ըսել, որ համակիրներն էին, որոնք յաւելեալ ուժ եւ կորով կը ներշնչէին իրենց խումբերուն:
3-րդ ճակատումին Ռիատի 87-85 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ արձանագրեց իր դաշտին վրայ:
4-րդ ճակատումին Սաժես 12 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց Ռիատիին (90-78), մինչ 5-րդ ճակատումին Ռիատի 99-86 արդիւնքով կրցաւ յաղթել:
6-րդ ճակատումին Սաժես գրեթէ շշմեցուց Ռիատին (96-65), եւ կը կարծուէր, որ Ռիատիի վեթերանները յոգնած պիտի ըլլան 7-րդ ճակատումին համար, բայց մէկ կողմէ համակիրները, միւս կողմէն Քարիմ Զէյնունի փայլուն կողովները, Ամիր Սէուտի էսիսթները եւ Տուշան Միլեթիչի ռիպաունտներն ու կէտերը առիթ չտուին Սաժեսի երիտասարդ աստղերուն, որ շունչ առնեն:
Պէտք է ըսել, որ 7-րդ ճակատումը գրեթէ վերջ գտաւ 2-րդ մասին, որուն ընթացքին Ռիատի 32 կէտ կրցաւ նշանակել` ստանալով միայն 15 կէտ Սաժեսէն, որ կրցած էր 1 կէտի առաւելութեամբ աւարտել առաջին մասը (25-24):
Զէյնունի 32 կէտերէն 18-ն 3 կէտնոց կողովներ էին, մինչ մրցումի աւարտին 2 վայրկեան առաջ 5-րդ ֆաուլը կատարելէ ետք ազդուած նոյնիսկ չէր, որովհետեւ Ռիատի 20 կէտի առաւելութիւն ունէր:
Անգամ մը եւս Սաժես ձախողեցաւ` վերջին 3 տարիներուն 10 միլիոն ամ. տոլարէ աւելի ծախսելով հանդերձ:
Ախոյեան Ռիատիի «երիտասարդ» մարզիկներէն Իսմայէլ Ահմետ, որ յառաջիկայ ամիս 50 տարեկանը պիտի բոլորէ, կիսախաղին ստացաւ «Կինես» մրցանիշներու գիրքի մրցանակը, մանաւանդ որ անցեալ 24 մայիսին դարձած էր աշխարհի երիցագոյն պասքեթպոլիստը, որ թրիփըլ տապըլ ձեռք ձգած էր:
Մրցումը տեղի ունեցած էր ՀՄԸՄ-ի դէմ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ուր բնական ախոյեանութեան (20-րդ հանգրուան) ՀՄԸՄ 126-125 արդիւնքով յաղթած էր Ռիատիին յետ երկարաձգման: Իսմայէլ Ահմետ 21 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ կատարած էր այդ մրցումին:
Պէտք է ըսել, որ Իսմայէլ Ահմետի այլ մրցանիշներէն է 17-րդ անգամ ըլլալով դառնալ Լիբանանի ախոյեան (16 անգամ Ռիատիի հետ եւ 1 անգամ ՀՄԸՄ-ի հետ):