Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) խորապէս մտահոգ է Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան նկատմամբ իրականացուող հալածանքներուն կապակցութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ Գերագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ վեց եպիսկոպոսներու նկատմամբ յարուցուած դատական մեղադրանքը, որ ծագած է թեմական առաջնորդութեան վերաբերեալ եկեղեցական ներքին հարցերէ, կրօնական ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ յարգանքի առնչութեամբ լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնէ:
ՀԲԸՄ-ը յարգալիր կոչ կ՛ուղղէ` յետս կոչելու այս դատական մեղադրանքը, որ, մեր համոզումով, ո՛չ օրէնքով եւ ո՛չ ալ մեր պատմական աւանդութիւններով հիմնաւորուած է: Ինչպէս անցեալին, առիթ ընծայուելու պարագային, ՀԲԸՄ-ը պատրաստ է կառուցողական դեր ստանձնելու` այս հարցի խաղաղ եւ արդար կարգաւորման ուղղութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կը ճանչնայ իբրեւ ազգային եկեղեցի, կը ճանչնայ անոր ներքին ինքնակառավարման իրաւունքը եւ կը պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնը: Հետեւաբար, եպիսկոպոսներու եկեղեցական պաշտօններուն եւ անոնց արժանաւորութեան վերաբերող հարցերը պէտք է լուծուին եկեղեցական իրաւունքի եւ Եկեղեցւոյ հաստատած կանոնական ընթացակարգերուն համաձայն:
ՀԲԸՄ-ը կը ճանչնայ եւ կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարօրէն ընտրուած կառավարութիւնը, անոր օրինական հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրի Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները: Միաժամանակ, ան անսասան կը մնայ Հայ եկեղեցւոյ կանոնական կարգով ընտրուած առաջնորդութեան նկատմամբ իր յարգանքին մէջ` գիտակցելով եկեղեցւոյ պատմական եւ շարունակական դերակատարութեան աշխարհի տարածքին հայ ինքնութեան, հաւատքի եւ ազգային միասնականութեան պահպանման գործին մէջ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) աշխարհի մեծագոյն ոչ շահութաբեր հայկական կազմակերպութիւնն է` նուիրուած հայ ժողովուրդի կեանքի բարելաւման` կրթական, մշակութային, ընկերային-տնտեսական եւ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով: Միութեան նախաձեռնութիւնները ամէն տարի իրենց դրական ազդեցութիւնը կը հասցնեն 500.000-է աւելի անձերու` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ծառայելու իր հիմնարար առաքելութեան:
5 օգոստոս 2026