Վերջերս Պիշքեքի մէջ (Խըրխըզիստան) տեղի ունեցաւ Ասիոյ գեղարուեստական մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը:
Լիբանանը ներկայացուց լիբանանահայ Սերաֆինա Սերոբեան, որ Լիբանանի եւ Արեւմտեան Ասիոյ պատանիներու ախոյեանն է եւ միակ ներկայացուցիչն էր Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնի հովանիին տակ այս մրցաշարքին:
Սերաֆինա Սերոբեան, մրցելով Ասիոյ լաւագոյն պատանի մարմնամարզիկներու դէմ, փայլուն ելոյթներ ունեցաւ 4 մարզաձեւերուն մէջ ալ` ցուցադրելով թեքնիքի բացառիկ վարպետութիւն:
Ան բաւական կայուն ելոյթներ ունեցաւ օղակի, գնդակի, ժապաւէնի եւ ցպիկներով («Քլապ») ձեւերուն մէջ եւ գրաւեց 11-րդ դիրքը, դիրք մը, որ Լիբանանի լաւագոյն արդիւնքն է Ասիոյ ախոյեանութեան պատմութեան ընթացքին:
Պատմական այս ձեռքբերումը Լիբանանի գեղարուեստական մարմնամարզութեան յառաջդիմութեան նշան մըն է, եւ Սերաֆինա Սերոբեանի այս յաջողութիւնը բախտի բերմամբ չէ, այլ տարիներու նուիրումի, կարգապահութեան եւ աշխատանքի արդիւնք է: Վստահաբար իր քայլերով մեծ թիւով մարզիկներ պիտի քաջալերուին, եւ սերունդէ-սերունդ պիտի յառաջդիմէ այս մարզաձեւը:
Սերաֆինա Սերոբեանի տպաւորիչ նուաճումը հպարտութիւն է լիբանանահայութեան համար, որ միշտ իր ներկայութիւնը փաստած է Ասիոյ ցամաքամասին մէջ բազմաթիւ այլ մարզաձեւերու մէջ ալ: