Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ «Մարիոթ Պոնվուա» ընկերութիւնը ջնջած է դէպի ցեղային զտման ենթարկուած Արցախ իր խնդրայարոյց զբօսաշրջութեան ծրագիրը` Հայ դատին եւ աշխարհասփիւռ իր գործընկերներուն ու դաշնակից կազմակերպութիւններուն գլխաւորած հնգօրեայ միջազգային արշաւէն ետք:
«Մարիոթ»-ի 14 ժամեայ ծրագիրը ճամբորդներուն տրամադրելի կը դարձնէր առաջնորդուած պտոյտ մը Արցախի տարածքին, ներառեալ` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները: Անոր ծանուցումին մէջ ակնարկութիւն չկար ո՛չ Արցախի հազարամեայ պատմութեան` իբրեւ հայ քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի օրրան եւ ո՛չ ալ ազրպէյճանական յարձակումին, շրջափակման եւ ցեղային զտման, որոնք պարպեցին Արցախը իր 150.000 բնիկ հայերէն:
Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծութիւններու կեդրոնը (CARA) բացայայտեց կացութիւնը 27 յուլիսին` աւանդական եւ ընկերային ցանցերու բազմաթիւ հարթակներու վրայ ահազանգ հնչեցնելով այս շրջապտոյտին գծով: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` Եւրոպայի եւ հայկական սփիւռքի տարածքին գործող Հայ դատի իր միջազգային մարմիններուն, դաշնակիցներուն եւ լրատուամիջոցներուն հետ արագօրէն օգտագործեց CARA-ի ահազանգը եւ գլխաւորեց համադրուած արշաւ մը վեց ցամաքամասերուն վրայ` հասնելով ծրագիրի ջնջումին, նուազ քան հինգ օրուան ընթացքին: