Լիվըրփուլ պիտի ստիպուի սահմանել անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ի փոխանցումային նոր մրցանիշ մը, եթէ իսկապէս մտադրած է իր կազմին միացնել Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յարձակող Պրետլի Պարքոլան: Փարիզեան ակումբը 22-ամեայ ֆութպոլիստին արժէքը գնահատած է մօտ 145 միլիոն սթերլինկ գումար մը:
Լիվըրփուլ արդէն շուրջ մէկ տարիէ ի վեր լրջօրէն կը հետաքրքրուի Պարքոլայով: Անոր անունը նախորդ ամրան ալ կապուած էր «Էնֆիլտ»-ի հետ, եւ այն օրերուն կը խօսուէր մօտ 70 միլիոն սթերլինկ արժողութեամբ փոխանցումի մասին: Սակայն անգլիական ակումբը այն ժամանակ որոշեց չառաջնորդուիլ այդ ուղղութեամբ` չցանկալով արգելակել իր երիտասարդ տաղանդ Ռիօ Նկումոհայի զարգացման ընթացքը:
Եթէ այս փոխանցումը իրականանայ ներկայիս պահանջուող գումարով, ապա ան պիտի գերազանցէ անգլիական ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն թանկարժէք փոխանցումը: Այդ ցուցանիշը ներկայիս կը պատկանի Լիվըրփուլին, որ ընդամէնը մէկ տարի առաջ Նիւքասըլ Եունայթըտէն Ալեքսանտր Իսաքը ձեռք բերելու համար վճարած էր 125 միլիոն սթերլինկ:
Պարքոլայի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, սակայն, միայն Լիվըրփուլով սահմանափակուած չէ: Անոր քայլերուն ուշի-ուշով կը հետեւին նաեւ Արսենալը եւ Չելսին: Այսուամենայնիւ, տակաւին անյայտ կը մնայ, թէ այս ակումբներէն ո՛վ պատրաստ պիտի ըլլայ վճարելու այնպիսի գումար մը, որ գրեթէ կրկնապատիկն է նախորդ տարուան գնահատականին:
Ֆրանսացի միջազգային ֆութպոլիստին համար նոր ակումբի տեղափոխութիւնը իրապէս հնարաւոր կը նկատուի, քանի որ, հակառակ Փարիզ Սեն Ժերմենի վերջին երկու տարիներու բացառիկ յաջողութիւններուն, գլխաւոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէ վճռական մրցումներուն յաճախ առաջնահերթութիւն կու տայ Ուսման Տեմպելէին, Տեզիրէ Տուէին եւ Խվիչա Քվարացխելիային կազմած յարձակողական եռեակին:
Միեւնոյն ժամանակ, փարիզեան ակումբը կը ձգտի նաեւ ամրապնդել իր եզրային գիծերը: Ան կը հետեւի ՌՊ Լայպցիկի Եան Տիոմանտէին եւ Մոնաքոյի Մանյէս Աքլիուշին: Սակայն տեղեկութիւններու համաձայն, Տիոմանտէն աւելի մօտ է Ռէալ Մատրիտի միանալուն, իսկ այդ զարգացումը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ նաեւ Արսենալի` Վինիսիուս Ժունիորը ձեռք բերելու փորձերուն վրայ:
Թէեւ Փարիզ Սեն Ժերմենը հաստատ համոզուած է, որ Պարքոլայի 145 միլիոն սթերլինկ արժեւորումը իրատեսական է` նկատի ունենալով վերջին շրջանին Անգլիոյ մէջ արձանագրուած մեծագումար փոխանցումները, շատեր տակաւին կը կասկածին, արդեօք այդ գումարը վճարելու պատրաստ ակումբ մը պիտի գտնուի՞:
Անցնող օրերուն Չելսի Մորկըն Ռոճըրզը ձեռք բերաւ 117 միլիոն սթերլինկ գումարով, մինչ Էլիոթ Անտըրսըն 116 միլիոն սթերլինկի միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին: Իսկ Պարքոլա, որ անցեալ մրցաշրջանին Ֆրանսայի Ա. լիկայի առաջնութեան մէջ նշանակած էր վեց կոլ եւ կատարած վեց վճռական փոխանցում, մինչեւ 2028 թուականի յունիսը պայմանագիր ունի Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: