Սանթոսի Թանգարանին Մէջ Տեղադրուեցաւ Նէյմարի Կիսանդրին

Պրազիլական Սանթոս ակումբը իր թանգարանին մէջ տեղադրեց 34-ամեայ յարձակող Նէյմարի կիսանդրին: Այս մասին հաղորդեց ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը:

Նէյմար, ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ, կիսանդրիին քով լուսանկար մը հրապարակելով գրեց.

«Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է Սանթոսի պատմութեան մէկ մասը կազմելը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, ընտանիքիս եւ բոլոր երկրպագուներուս, որոնք առաջին օրէն իսկ զիս սատարած են: Միասին ապրեցանք յիշարժան ու լուսաւոր պահեր, բայց նաեւ դժուար օրեր, եւ դուք միշտ իմ կողքիս կանգնած էիք»:

34-ամեայ ֆութպոլիստը 2025 թուականի յունուարին վերադարձած էր Սանթոս, այն ակումբը, ուր կազմաւորուած էր իր ֆութպոլային ուղին:

Օրեր առաջ Նէյմար յայտարարեց, թէ աւարտած է իր միջազգային ասպարէզը` հրաժեշտ տալով Պրազիլի ազգային հաւաքականին:

Leave a Comment