Արսենալ Մօտ Է Պրունօ Կիմարայէսի Տեղափոխութիւնը Աւարտին Հասցնելու

Արսենալ զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Նիւքեսըլ Եունայթըտի խմբապետ Պրունօ Կիմարայէսի տեղափոխութեան հարցով: Գործարքը այժմ աւարտական փուլ կը մտնէ, մինչ Քրիսթիան Նորկարտի տեղափոխութիւնը դէպի Էվըրթըն գրեթէ վերջնականացած կը նկատուի:

Դանիացի կիսապաշտպան Նորկարտ, որ անցեալ ամրան Պրենթֆորտէն միացած էր Արսենալին, սակայն չկրցաւ հաստատուն տեղ ապահովել կազմին մէջ, մօտ է շուրջ 7 միլիոն սթերլինկ արժողութեամբ գումարի տեղափոխուելու Էվըրթըն: Անոր հեռանալով` Միքել Արթեթայի կազմին մէջ կեդրոնական կիսապաշտպանի նոր տեղ պիտի բացուի, որ նախատեսուած է Պրունօ Կիմարայէսի համար:

Արսենալ շաբաթներէ ի վեր պրազիլցի միջազգային ֆութպոլիստը կը նկատէ իր առաջնահերթ նպատակներէն մէկը, եւ այժմ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւնը շատ մօտ կը թուի: Տեղեկութիւններու համաձայն, լոնտոնեան ակումբը պատրաստ է մօտ 80 միլիոն սթերլինկ գումար մը վճարելու Կիմարայէսը ձեռք բերելու համար, թէեւ պաշտօնական համաձայնութիւն տակաւին գոյացած չէ:

Լոնտոնեան ակումբին այս ամրան փոխանցումներու քաղաքականութիւնը կը շարունակէ առաջնորդուիլ «մէկը ներս, մէկը դուրս» սկզբունքով: Նոյն մօտեցումը կիրարկուեցաւ նաեւ Յունաստանի ազգային հաւաքականի յարձակողական թեւ Քրիսթոս Ձոլիսի` «Քլապ Պրիւժ»-էն 34 միլիոն սթերլինկ գումարով տեղափոխութեան ժամանակ: Այդ գործարքը արագացաւ, երբ Լէանտրօ Թրոսարտը վերջնականապէս միացաւ թրքական Պեշիկթաշին:

«Թելեկրաֆ սփորթ»-ի հրապարակումներուն համաձայն, Կիմարայէս արդէն յստակացուցած է Նիւքեսըլի ղեկավարութեան, որ կը փափաքի միանալ Արսենալին: Կը հաղորդուի նաեւ, թէ Նիւքեսըլի նախկին գլխաւոր մարզիչ Էտի Հաուի հրաժարականի պատճառներէն մէկը այն մտահոգութիւնն էր, որ ակումբը ի վերջոյ պիտի համաձայնի վաճառել իր աստղ կիսապաշտպանը, հակառակ նախապէս անոր «անվաճառելի» նկատուելուն:

Եթէ Կիմարայէսի փոխանցումը վերջնականապէս իրականացուի նախատեսուած պայմաններով, ապա 28-ամեայ պրազիլցին պիտի դառնայ Արսենալի պատմութեան երկրորդ ամէնէն թանկարժէք ձեռքբերումը:

Ակումբին մեծագոյն փոխանցումային ներդրումը կը մնայ 2023-ին Տեքլան Ռայսի ձեռքբերումը` 105 միլիոն սթերլինկ գումարով` Ուեսթ Համ Եունայթըտէն, իսկ երկրորդ տեղը ներկայիս կը գրաւէ 2019-ին Լիլէն Նիքոլա Փեփէի 72 միլիոն սթերլինկ գումար արժողութեամբ տեղափոխութիւնը:

 

Leave a Comment