ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ կրնայ հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Այս մասին «Էքս» ընկերային հարթակին վրայ յայտնած է մարզական լրագրող Ռոմեն Մոլինա:
Լրագրողին համաձայն, Ինֆանթինօ կորսնցուցած է թէ՛ ՖԻՖԱ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն աջակցութիւնը, թէ՛ կազմակերպութեան նկատմամբ իր վերահսկողութիւնը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել անոր հրաժարականին:
Աւելի կանուխ, բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» թերթը հաղորդած էր, որ Ինֆանթինօ կը քննարկէ աշխարհի ախոյեանութեան առեւտրային իրաւունքներու մէկ բաժինը մասնաւոր ներդրողներուն փոխանցելու առաջարկը: Հրապարակումին համաձայն, ՖԻՖԱ-ն կը նախատեսէ մրցաշարի կառավարումը յանձնել առանձին ընկերութեան մը եւ անոր բաժնետոմսերէն մօտ 20-30 առ հարիւրը վաճառել ներդրողներուն:
Այս ծրագիրը մտահոգութիւն յառաջացուցած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մօտ, որ նախազգուշացուցած էր, որ 2030 թուականի աշխարհի ախոյեանութիւնը կրնայ պոյքոթի ենթարկուիլ, եթէ ՖԻՖԱ-ն մրցաշարի կազմակերպման եւ շահագործման իրաւունքներուն մէկ մասը փոխանցէ մասնաւոր ներդրողներու:
Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն, պոյքոթի այս նախաձեռնութեան միացած են «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ բոլոր 55 ազգային ֆութպոլային միութիւնները: