Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները կը սկսին երկուշաբթի կէսօրին (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով, «Ա.»), առանց համաձայնութեան կնքման համար վերջնական թուական ներկայացնելու:
Թրամփ նաեւ չյայտնեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները ո՛ւր տեղի պիտի ունենան, եւ թէ անոնց որո՛նք պիտի մասնակցին:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, թէ Ծոցի շրջանի ղեկավարներուն տեսակէտները մեծապէս ազդած են Իրանի նկատմամբ նոր յարձակումներու շղթայազերծման դադրեցման վրայ:
Թրամփ կիրակի օր նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Յստակ է, որ չեն ուզեր յարձակումի ենթարկուիլ: Տեղեակ էին յարձակումին տարողութենէն, որովհետեւ անոր ցուցանիշներու կազմութիւնը տեսան: Ներկայիս այն, ինչ որ կ՛ընենք, բանակցութիւններու ծիրին մէջ անոնց հետ խօսիլն է»:
«Հորմուզի վերաբերեալ համաձայնութիւն կայ, եւ հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ ալ, կարելի է ըսել Իրանի ապահիւլէականացման վերաբերեալ համաձայնութիւն պիտի ըլլայ», նշեց Թրամփ:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեցին, որ Թրամփ իր որոշումներուն մէջ ուժանիւթի շուկաներուն եւ միջազգային տնտեսութեան դիւրազգացութեան մեծ կշիռ կու տայ, եւ չի կրնար որեւէ մագլցումի անոնց վրայ հետեւանքները անտեսել:
Աղբիւրները յայտնած են, որ Իսրայէլ զարմացած եւ հիասթափուած է Թրամփի մօտեցումէն, որ զինուորական նախապատրաստութիւններու վրայ հիմնուած սպառնալիքներ կը հնչեցնէ, ապա վերջին վայրկեանին կը նահանջէ եւ կը վերադառնայ բանակցութիւններուն:
Անոնց համաձայն, Թրամփի սպառնալիքներուն մէջ մագլցում կատարելը, ապա անոնցմէ ետդարձ կատարելը ներկայ փուլին կ՛արտացոլէ դէպի ճակատման մագլցում ուղղուելէ աւելի Իրանի հետ համաձայնութեան որոնման հակուածութիւն մը:
Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ նախարարաց սեղմ խորհուրդի անդամները Իրանի վրայ յարձակումի ջնջման որոշումին մասին տեղեկացած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընկերային ցանցի վրայ կատարած գրառումէն:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին ըսած է. «Իրանը մեր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնն է, եւ դժուարութիւն կը դիմագրաւենք, երբ Ուաշինկթընի որոշումը յստակ չ՛ըլլար»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Թրամփի հարցերու կառավարման ձեւին պատճառով ապագային լրջօրէն պատրաստուիլն ու ծրագրելը դժուար է:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան նշած է, որ ստորագրուած փոխըմբռնման համաձայնութիւնը արդիւնք է խումբի անդամներուն հաւաքական իմաստութեան, եւ բոլոր անդամները անոր համաձայն են:
«Կը կարծեմ, թէ այս համաձայնութիւնը ապագային մեր արտաքին յարաբերութիւններու առանցքը պիտի ըլլայ», ըսած է ան:
Փեզեշքիան նշած է. «Պէտք է մեծ ջանք թափենք թշնամիին ստիպելու, որ յարգէ իր ստորագրածը: Երկրին, շրջանին ու մեր դաշնակիցներուն անվտանգութիւնը այս համաձայնութեան շնորհիւ պիտի բարելաւուի»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Մենք ներկայիս Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ չենք վարեր, եւ Օմանի հետ բանակցութիւնները կեդրոնացած են Հորմուզի նեղուցէն նաւերու անվտանգ անցման վերաբերեալ համաձայնութեան գալու վրայ:
«Նպատակն է սահմանել ժամանակաւոր երթուղի, որ կ՛ապահովէ նաւագնացութեան անվտանգութիւնը Հորմուզի նեղուցին մէջ:
«Քանի տակաւին կը շարունակուին ծովային շրջափակումը եւ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները, Հորմուզի նեղուցին մէջ որեւէ էական բան տեղի պիտի չունենայ»:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըր յայտնեց, որ Թրամփի Իրանի դէմ պատերազմը 18 զինուորներու սպանութեան, հարիւրաւոր ուրիշներու վիրաւորուելուն եւ գիներու բարձրացման լոյսին տակ ամերիկացիները նուազ ապահով դարձուցած է:
Ան նշեց, որ իրանեան համացանցային յարձակումները ամերիկեան հողեր հասած են:
Շումըր Հանրապետական կուսակցութեան կոչ ուղղեց «վտանգաւոր եւ ոչ անհրաժեշտ պատերազմի» դադրեցման համար գործելու: