ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին 6-րդ տարելիցին առիթով Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«4 օգոստոսին բառերը կը լռեն, եւ կը մնայ ճշմարտութեան ձայնը: Վէրք մը, որ խոցեց հայրենիքի սիրտը, հոգիներ խլուեցան եւ երազներ փշրուեցան աւերակներուն տակ:
Արդարութիւնը ընտրանք չէ, այլ պարտականութիւն, իսկ ճշմարտութիւնը պահանջ չէ, այլ իրաւունք:
Ողորմութի՛ւն Պէյրութի նահատակներուն, ապաքինո՛ւմ` վիրաւորներուն եւ արդարութի՛ւն, որ մոռացութեան չ՛ենթարկուիր»: