Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իսրայէլ պաղեստինեան Համաս շարժումի ապազինման ծրագիրին վերաբերեալ մտահոգութիւն փոխանցած է Միացեալ Նահանգներուն:
Պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Իսրայէլ Կազայի համաձայնութեան գործադրութեան համար պայման կը դնէ Համասի ամբողջական զինաթափումն ու անոր զէնքերը արեւմտեան եւ ոչ պաղեստինեան կողմի մը յանձնումը»: