Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան «Սաութ Քուլ Լուպնան» կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի կատարած որեւէ բանակցութիւն պէտք է մեկնի գետնին վրայ արձանագրուող իրադարձութիւններէն: Ան նշեց, որ իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան շարունակութիւնը հարցականներ կը ստեղծէ բանակցութիւններու անհրաժեշտութեան շուրջ` իսրայէլեան յանձնառութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ:
Թերզեան շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի իսրայէլեան ուժերու հեռացման, իսկ հարաւային Լիբանանի վերաշինութիւնը նախ եւ առաջ առնչուած է միջազգային ընկերութեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Իսրայէլ համաձայնութիւնները չյարգելու եւ անոնց նկատմամբ յանձնառու չըլլալու մեծ թղթածրար ունի:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակին, Թերզեան ընդգծեց բանակին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վերջինս իրմէ պահանջուած պարտականութիւնները կարենայ կատարել, մանաւանդ հարաւային Լիբանանի մէջ: «Խնդիրը բանակի մարդուժին մէջ չի կայանար, այլ անոր սարքաւորումներու սակաւութեան եւ աշխատավարձերու քիչ ըլլալուն մէջ, ինչ որ կ՛ենթադրէ բանակայիններու ապրուստի պայմաններու բարելաւում», նշեց երեսփոխան Թերզեան: «Բացի պետութեան վերադառնալէն Լիբանանի լուծում չկայ», աւելցուց ան: