Լիբանանեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Քաֆրա գիւղին մէջ հինգ զինուորներ թեթեւօրէն վիրաւորուած են բանակի մեքենայի մը գիւղին մէջ բնակիչներուն ընկերակցելուն ընթացքին իսրայէլեան «թշնամական թիրախաւորման պատճառով»:
Բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ ի յայտ եկած է, թէ պայթումը հետեւանք էր «կասկածելի մարմինի մը», եւ մնացեալ մանրամասնութիւններու պարզաբանման համար աշխատանք կը տարուի: