Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզի ընթացքին յայտնեց. «Հայրենիքի փրկութիւնը կ՛իրագործուի, երբ իշխանութեան վրայ հիմնուած շահերը կը վերածուին հասարակաց շահերու»:
«Ներկայ զգայուն փուլին կ՛ուզենք, որ խաղաղութիւնը ըլլայ ազգային որոշում, որ Լիբանանը պիտի պաշտպանէ», նշեց ան:
Ռայի պատրիարքը շրջագծային համաձայնութիւնը նկատեց ազգային ջանք մը, որ տեւական, ամբողջական ու արդար խաղաղութիւնը կ՛ամրապնդէ:
«Լիբանանցի տեղահանուածներուն ու վնասուածներուն կողքին կանգնիլը» շեշտելէ ետք ան կոչ ուղղեց` արագացնելու վերաշինութիւնը, «որովհետեւ Լիբանանի խաղաղութիւնը Հարաւի խաղաղութենէն կը բխի»:
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը նաեւ ընդգծեց, որ պետութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն օրինական հեղինակութիւնն է, եւ զէնքի մենաշնորհումը լիբանանցիները կը պաշտպանէ պառակտումէն ու քաոսէն: