Անգլերէնը Նոր Զելանտայի Երրորդ Պաշտօնական Լեզուն Պիտի Դառնայ

Թէ Ռէօ Մաորիէն եւ մատնախօսութենէն ետք անգլերէնը պիտի դառնայ Նոր Զելանտայի երրորդ պաշտօնական լեզուն: Երկրի խորհրդարանը երրորդ եւ վերջին ընթերցումով վաւերացուցած է անգլերէն լեզուի օրինագիծը:

Արդարութեան նախարար Փոլ Կոլտսմիթի անունը կրող օրինագիծը միայն երկու էջերէ կը բաղկանայ եւ կը նշէ, թէ անգլերէնը «Նոր Զելանտայի մէջ շատոնց տէ ֆաքթօ պաշտօնական լեզու եղած է եւ լայնօրէն օգտագործուած եւ ընդունուած իբրեւ պաշտօնական լեզու, սակայն անոր պաշտօնական լեզուի կարգավիճակը օրէնսդրութեամբ չէ ամրագրուած»:

Կոլտսմիթ, ինչպէս նախորդ ընթերցումներու ընթացքին, քննարկումներուն չէ մասնակցած: Ան նախապէս նշած է, որ օրինագիծը առաջնահերթութիւն մը չէ, այլ համախմբական կառավարութեան յանձնառութիւն մը:

 

Leave a Comment