Պրազիլի տարածքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական ուժ կիրարկելու հաւանականութիւն յառաջացած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրա:
Ըստ «Սի.Էն.Էն. Պրազիլ»-ի, նախարարը Պրազիլի Քոնկրեսի Պատգամաւորներու տան մէջ լսումներու ժամանակ ազգային անվտանգութեան սպառնալիքներու մասին հարցումին պատասխանած է հետեւեալ ձեւով. «Ամերիկեան իշխանութիւններու որոշումը լուրջ վտանգներ կը պարունակէ Պրազիլի քաղաքացիներուն համար ելեւմտական եւ գաղթականական ոլորտներու մէջ: Վերջապէս, Պրազիլի տարածքին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական ուժ կիրարկելու հաւանականութիւն յառաջացած է»:
Պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութիւներով` Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները կը կարծեն, որ «Կարմիր հրամանատարութիւն» եւ «Առաջին մայրաքաղաքային հրամանատարութիւն» յանցագործ խմբաւորումները «միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու» ցանկին վրայ ներառելու Ուաշինկթընի արմատական քայլը կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ միացեալ պայքարի համար առաւելութիւններ պիտի չտայ:
Պրազիլը նախապէս արդէն իսկ իր գերիշխանութեան սպառնալիք կոչած էր Միացեալ Նահանգներու 5 յունիսի պրազիլական յանցագործ խմբաւորումները ահաբեկչական ճանչնալու որոշումը: