Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց, որ Իրանը «զսպուած է»` նշելով, որ անիկա շրջանին մէջ բոլոր պետութիւններուն վրայ յարձակում գործեց` բացի Իսրայէլէն, եւ կը խուսափի Իսրայէլի դէմ զինուորական քայլեր առնելէ` իսրայէլեան զսպումի կարողութեան եւ պատասխանելու սպառնալիքին պատճառով:
Քոհեն աւելցուց, որ Իսրայէլ իր անվտանգութիւնը կը նկատէ իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը, եւ պատրաստ է ի պահանջել հարկին գործելու, նոյնիսկ առանց Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգում կատարելու: