Ֆատլալլա. «Բոլոր Միջոցներով Եւ Մեթոտներով Պիտի Աշխատինք Այս Հողը Ազատագրելու Համար»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի դատը ազգային դատ մըն է, որ միայն մէկ խումբի, կուսակցութեան կամ համայնքի չի վերաբերիր, եւ թշնամիի կողմէ քաղաքային կեանքին վերաբերող ամէն ինչի ոչնչացման դիմակայումը պէտք է դառնայ բոլոր լիբանանցիներու գործը` անկախ քաղաքական տարակարծութիւններէն, եւ հիմնական պատասխանատութիւնը կը կրէ պետութիւնը, որ կրնար արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկել»:

«Ատոր փոխարէն, իշխանութիւնը դիմեց ստորագրելու համաձայնութիւն մը, որուն մէջ իսրայէլացի թշնամիին նուէր տալէն եւ ամերիկեան դիւանագիտութեան ձեռքբերում ապահովելէն ոչինչ կայ: Ամերիկացիները իշխանութեան ստիպեցին այս համաձայնութիւնը ստորագրել, որպէսզի քաղաքական, տեղեկատուական ու դիւանագիտական ձեռքբերում արձանագրեն: Անիկա գետնի վրայ որեւէ գործադրութիւն չունի, այլ Միացեալ Նահանգները Լիբանանի մէջ իշխանութեան փոխանցեցին, թէ իսրայէլեան կողմը լիբանանեան հողերէն ոչ մէկ մեթրէ պիտի հեռանայ, առնուազն ոչ հոկտեմբերին նախատեսուած իսրայէլեան ընտրութիւններէն առաջ, եւ այս ամբողջ գործողութիւնը Նեթանիահուին ընտրական նուէր մըն է, եւ նուէր մը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, որպէսզի ըսէ, թէ աննախադէպ ձեռքբերում արձանագրեց, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ իսրայէլացի թշնամիին հետ այսպիսի համաձայնութիւն կը ստորագրէ»:

«Իրան Լիբանանը կը նկատէ գերակայ խնդիր` թէ՛ անուղղակի բանակցութիւններու, թէ՛ Դիմադրութեան միջոցով:

«Մենք կ՛աշխատինք բոլոր միջոցներով ու մեթոտներով` ազատագրելու համար այս հողը, որ պիտի ազատագրուի եւ պիտի վերականգնուի:

«Թշնամին անցեալին քանդեց եւ չկարողացաւ մեր հողերուն վրայ մնալ, ուստի հիմա որքան ալ քանդէ եւ ինչ որ ալ ընէ, պիտի չկարենայ այս հողին վրայ մնալ», ըսաւ երեսփոխանը:

«Հըզպալլան գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատի անհրաժեշտ կարելիութիւններ ապահովելու համար` այս պատերազմէն վնասուած մեր ժողովուրդի տառապանքները մեղմացնելու համար, թէ՛ տեղահանութեան, թէ՛ ամբողջովին դատարկուած գիւղերու, թէ՛ վերականգնման առումով, որ կրնայ այս ընտանիքներուն օգնել իրենց տուները վերադառնալու», յայտնեց Ֆատլալլա:

Leave a Comment