Ռեշեթնիքով. «Պարտաւորութիւններու Միակողմանի Վերատեսման Պարագային Հայաստանի Կողմէ Ռուսիայէն Լրացուցիչ Վճարումներ Պահանջելը Անհիմն Պիտի Ըլլայ»

Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարար Մաքսիմ Ռեշեթնիքով մեկնաբանած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը Ռուսիոյ այլընտրանքներ կը փնտռէ ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ քաղաքական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ:

«Ռուսիոյ համար դժուար պիտի ըլլայ փոխարինել Հայաստանէն ներածուող ապրանքներու մատակարարումները: Հայաստանէն ԵԱՏՄ երկիրներ արտածուող ապրանքներու ծաւալները էական չեն: Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան մէջ կը կասկածին, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս Հայաստանին կրնան առաջարկել կազի գինի վերաբերեալ նմանատիպ պայմաններ:

«Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ռուսական ընկերութեան «անվճար» ծառայութիւն չէ: Ատոր վերաբերեալ պարտաւորութիւններու միակողմանի վերատեսութեան պարագային Հայաստանի կողմէ Ռուսիայէն լրացուցիչ վճարումները պահանջելը անհիմն պիտի ըլլայ», աւելցուցած է Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարը:

«Ռուսական երկաթուղիներ»-ու ընդհանուր տնօրէն Օլեկ Պելոզերով իր կարգին յայտնեց, որ ընկերութիւնը հետեւողականօրէն եւ լիովին կը կատարէ Հայաստանի մէջ իր պարտաւորութիւնները:

Ան նշած է, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը մտադիր է պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ երկաթուղիի պայմանագիրով կնքուած պայմանները, եւ եթէ պայմանները փոխուին կամ դադրեցուին, իրաւունք ունի իր ներդրումներու վերադարձը ակնկալել:

«Ռուսական երկաթուղիներ»-ը զարմացած եւ շփոթած էին, երբ մամուլէն տեղեկացան հայկական երկաթուղիներու վրայ վարձակալութեան վճարումի հաւանական կիրարկման մասին: Երբեք շահաբաժիններ չեն վճարած, ամբողջ շահը ուղղուած է երկաթուղիի զարգացման», յայտնած է Պելոզերով:

Leave a Comment