24 Ժամուան Ընթացքին 49 Հազար Ապօրինի Գաղթականներ Մարոքէն Սպանիա Մուտք Գործած Են

Սպանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 24 ժամուան ընթացքին Մարոքէն 49 հազար ապօրինի գաղթականներ մուտք գործած են հարաւային Սպանիոյ Սապթա շրջան: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին սպանական ոստիկանութենէն աղբիւր մը մէջբերելով հաղորդեց, թէ հինգշաբթիէն ուրբաթ գիշեր հազարաւոր գաղթականներ Մարոքի եւ Սապթայի միջեւ սահմանը անցած են:

«Իրողական թիւը հաշուել կարելի չեղաւ», նշած է աղբիւրը:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Լորան Նունիեզ յայտարարեց. «Հազարաւոր ապօրինի գաղթականներու անցնող օրերու ընթացքին Մարոքի հետ սահմանային Սապթա շրջան հոսքէն ետք, Ֆրանսան Սպանիոյ հետ իր սահմանի վերահսկողութիւնը պիտի խստացնէ»:

«Սապթա շրջանին մէջ նկատուած կացութեան հարցով, երէկ երեկոյեան ցուցմունքներ տուի սպանական սահմաններուն վրայ խուզարկութեան գործողութիւնները անյապաղ ամրապնդելու», ըսաւ ան` նշելով, որ կապ հաստատած է իր սպանացի պաշտօնակիցին հետ:

ԱՖՓ հաղորդեց, թէ Ֆինլանտան յայտարարած է, թէ կը զօրակցի Սապթայի ճգնաժամին պատճառով Սպանիան Շենկենի շրջանէն հեռացնելու Իտալիոյ պահանջին:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտնեց, որ գաղթականներու սպանական Սապթա հոսքի տեսարանը «անընդունելի է»` շեշտելով, որ վտանգաւոր անցումի գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրեցնել:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ յայտնեց. «Այն, ինչ որ երէկ Սապթայի մէջ տեղի ունեցաւ, ազգային գերիշխանութեան վրայ յարձակում է, եւ պետութեան բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք զայն պաշտպանելու համար»:

«Մարոքի հետ կը գործակցինք մաքսանենգման կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարելու համար, եւ կը ցաւինք Սապթայի մէջ ճգնաժամին պատճառած մահերու թիւին համար», նշեց ան:

Վարչապետը յայտնեց, որ գաղթականներու հոսքը կապուած է մարդու առեւտուր կատարող յանցագործ կազմակերպութիւններու կողմէ վերջերս սպանական դատարանին ծովու ճամբով հասած գաղթականները վերադարձնելու վերաբերեալ հրապարակած վճիռին ապակողմնորոշող մեկնաբանութեան:

«Մարոքեան իշխանութիւններուն հետ մեր քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկաւ, թէ մարդու առեւտուր կատարող յանցագործ խմբաւորումները տարածած են Սպանիոյ գերագոյն դատարանին կողմէ հրապարակուած վճիռի իրենց շահերուն ծառայող բացատրութիւն մը», ըսաւ ան` նշելով, որ դատարանի «ծովու ճամբով Սպանիա հասած անհատները սահման կարելի չէ վերադարձնել վճիռին բացատրութիւնը վերջին ժամերուն հսկայական արագութեամբ տարածուեցաւ»:

Սապթա շրջանի տեղական իշխանութիւնները կը հաղորդեն, որ Սապթա մուտք գործելու փորձի ընթացքին 34 գաղթականներ մահացած են:

Սպանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ երէկ առտուընէ մինչեւ կէսօրէ ետք շուրջ 25 հազար գաղթական Մարոք վերադարձուցած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սպանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, սարսափազդու է, եւ մեզի նոյն բանը կրնայ պատահիլ, եթէ սխալ խումբը իշխանութիւնը ստանձնէ»:

 

 

Leave a Comment