Թրամփ. «Խաղաղութեան Խորհուրդը Պատմական Համաձայնութիւն Գոյացուց»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Խաղաղութեան խորհուրդը գոյացուցած է պատմական համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Կազայի մէջ Համաս շարժումն ու մնացեալ զինեալ խմբաւորումները ամբողջովին կը զինաթափուին:

Թրամփ համաձայնութիւնը որակեց «տեւական խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատման առաջնորդող հսկայական ձեռքբերում մը»:

«Համաձայնութիւնը վճռական քայլ է դէպի Կազայի վերջապէս կառավարումը պաղեստինեան նոր կառավարութեամբ մը, որ Խաղաղութեան խորհուրդին հետ սերտ կերպով պիտի աշխատի պաղեստինցի ժողովուրդին օգնելու համար, իսկ Իսրայէլ իր կարգին պիտի ստանայ իր արժանի եղած ապահովութիւնը եւ Կազան ահաբեկչական յարձակումներու իբրեւ յենարան չօգտագործուիլը», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ այս համաձայնութիւնը «20 կէտերէ բաղկացած Թրամփի ծրագիրի գործադրութեան մէջ կարեւորագոյն փուլ» կը նկատուի, եւ համաձայնութիւնը պիտի գործադրուի խնամքով կազմակերպուած փուլերու հիման վրայ:

«Զինաթափման գործողութեան յառաջ ընթանալէն ետք, իսրայէլեան ուժերը պիտի հեռանան, եւ միջազգային կայունութեան ուժերը պիտի գործակցին պաղեստինեան ոստիկանութեան նոր ուժին հետ` Կազայի մէջ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար», ըսաւ Թրամփ:

Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդը յայտարարեց, թէ Համաս շարժումը, միջնորդ երկիրներ Եգիպտոսի, Քաթարի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգումով համաձայն գտնուեցաւ մանրամասն ճամբու քարտէսի մը, ինչ որ «պատմական ձեռքբերում» մըն է, որովհետեւ շարժումին կողմէ կիրարկելի ծրագիրի մը նկատմամբ առաջին պաշտօնական յանձնառութիւնն է:

Խաղաղութեան խորհուրդը յայտնեց, որ ճամբու քարտէսին համաձայն, Համաս իր բոլոր զէնքերէն կը հրաժարի, որուն կը յաջորդէ Կազայէն Իսրայէլի հեռացումը` աւելցնելով, որ ծրագիրին նպատակն է Կազայի բնակիչներուն համար շօշափելի ձեռքբերումներ ապահովել եւ Իսրայէլի ապահովութիւնը ամրապնդել:

Խորհուրդը նշեց, որ այժմ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ «ճամբու քարտէս»-ի իրականացման փուլին վրայ` յայտարարելով, որ Կազայի կառավարման ազգային յանձնախումբը մօտ օրէն պիտի սկսի կայունութեան միջազգային ուժի աջակցութեամբ իշխանութեան ստանձնման սկսիլ եւ աշխատանք պիտի տանի արագացնելու օրէնքի գերակայութեան գործադրման եւ մարդասիրական կացութեան բարելաւման համար:

Համաս շարժումէն լաւատեղեակ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Խաղաղութեան խորհուրդի Կազայի կառավարման համար կազմած Ազգային յանձնախումբը, Իսրայէլի հետ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, պիտի ստանձնէ շարժումի զէնքն ու անոր պահեստաւորումը:

«Միջազգային ստուգման յանձնախումբը պիտի ստանձնէ զէնքի մենաշնորհման գործողութեան հսկողութիւնն ու միջազգային կայունութեան ուժի աջակցութեամբ անոր գործադրութեան ստուգումը», ըսաւ աղբիւրը:

«Ազգային յանձնախումբը միակ կողմն է, որ զէնքը Կազայի մէջ կը պահպանէ, կը պահեստաւորէ եւ կը վերահսկէ, Ճամբու քարտէսի 17 կէտերու գործադրումէն ետք», նշեց աղբիւրը:

Ամերիկացի լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Փոլիթիքօ» կայքին յայտնեց, որ Կազայի վերաբերեալ համաձայնութեան մէջ որեւէ կողմի նկատմամբ վստահութեան չի վստահիր, այլ աշխատանք կը տանի, որ բոլոր կէտերը հիմնուած ըլլան որոշակի եւ գործադրելի պայմաններու վրայ:

Պաշտօնատարը աւելցուց, որ կարգ մը օրերու յառաջընթացը կրնայ մեծ ըլլալ, իսկ այլ օրերու` սահմանափակ, սակայն այս քայլը «մեծ յառաջընթաց է»:

Ան նշեց, որ անոր ձեռքբերման համար ժրաջան աշխատանք տարուած է:

Միւս կողմէ, եգիպտական «Գահիրէ Իխպարիէ» կայքը հաղորդեց, որ Գահիրէն «մօտ օրէն» Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան միջնորդներու` Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Թուրքիոյ ժողով մը պիտի հիւրընկալէ:

Կայքը ժողովի թուականը չհաղորդեց, սակայն յայտնեց, որ ժողովը պիտի քննարկէ Կազայի մէջ զինադադարի ծրագիրի երկրորդ փուլը, որուն ճամբու քարտէսին Համաս շարժումն ու պաղեստինեան մնացեալ խմբաւորումները համաձայն գտնուեցան:

Ճամբու Քարտէսը

Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդը հրապարակեց զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը ամբողջացնելու ճամբու քարտԷսի կէտերը` նշելով, որ բոլոր կողմերը կը հաստատեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի մէջ համապարփակ խաղաղութեան հաստատման ծրագիրին իրենց յանձնառութիւնը:

Խորհուրդը նշեց, որ կողմերուն նպատակն է երաշխաւորել Կազայէն իսրայէլեան հեռացումը,  բնականոն կեանքի վերականգնումը, պաղեստինեան վարչութիւնը կարող դարձնելը, վերաշինութիւնը, ապահովութեան ու բարգաւաճման ամրապնդումը, եւ կը ձգտին պատրաստել հաւաստի քաղաքական հոլովոյթ մը, որ կ՛իրագործէ ինքնորոշման իրաւունքն ու պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը:

Իսրայէլ յանձնառու կը դառնայ անյապաղ ամբողջացնելու Շարմ Շէյխի արձանագրութեան հիմամբ իր բոլոր յանձնառութիւնները, իսկ Համաս շարժումն ու պաղեստինեան խմբաւորումները յանձնառու կը դառնան նոյն արձանագրութեան հիմամբ բոլոր զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու:

Խաղաղութեան խորհուրդը նաեւ յայտարարեց, թէ կողմերուն հաւանութենէն ետք 14 օրուան ընթացքին ճամբու քարտէսի գործադրութեան ժամանակացոյցն ու մեքանիզմները պիտի պատրաստուին:

Leave a Comment