ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն պատուիրակութիւն մը առաջին այցելութիւն մը տուաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, ուր Պէյրութի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի բնագիտութեան բաժանմունքի պետ դոկտ. Նիզար Հասանի, գրասենեակի տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Նիսրին Քամորիէի եւ ծրագիրի օգնական Քարոլ Տօնապետեանի ներկայութեամբ նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին հետ քննարկեց նախարարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ գլխաւոր աշխատանքները:
Պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու նախարարութեան շարք մը նախաձեռնութիւններուն, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ երիտասարդական մարմիններու համապարփակ ցանկագրման, որպէսզի նախարարութիւնը հետագային ուսումնասիրէ պայմաններուն համապատասխանողներու նախարարութեան երիտասարդական բաժինին մէջ արձանագրուելու հրաւիրելու կարելիութիւնը:
Հանդիպում ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ի Եւ ՄԱԿ–ի Բնակեցման Ֆոնտի Միացեալ Պատուիրակութեան Հետ
Երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ Պայրագտարեան նաեւ ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ ՄԱԿ-ի բնակեցման ֆոնտի միացեալ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչի տեղակալ Անտրէա Պերթերը, Ֆոնտի ներկայացուցիչ Անանտիթա Ֆիլիփոզը, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի պարմաններու եւ երիտասարդներու ներկայացուցիչ Ապիր Ապու Զաքին, երիտասարդութեան պատասխանատու Ռանա Ապու Ժապերը, միջազգային փորձագէտ Սուհէյլ Մարինը: Պայրագտարեան պատուիրակութեան հետ քննարկեց ռազմավարութեան հիմնական կէտերը, համալսարաններու վերաբացումէն ետք յառաջիկայ խորհրդակցական հանդիպումներու թուականները եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն հետ երիտասարդական ապագայ քայլերն ու նախաձեռնութիւնները: