Ժահժահ. «Կը Զօրակցինք Սիւննի Երեսփոխաններու Մեծամասնութեան Կողմէ Համաձայնեցուած Համաներման Օրինագիծին»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտարարեց. «Կը զօրակցինք համաներման օրինագիծին, որուն երէկ խորհրդարանին մէջ ժողով գումարած սիւննի երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուեցաւ»:

«Մինչ այդ, համաներումի օրէնքի առաջարկման առաջին իսկ պահէն այս էր մեր դիրքորոշումը, եւ մինչեւ հիմա չենք գիտեր, թէ ի՛նչ էին այն պատճառները, որոնք կարգ մը երեսփոխաններ մղեցին մեր այս դիրքորոշումը աղաւաղելու: Սակայն, ի վերջոյ, աղաւաղումը կը ձախողի, եւ ամբողջ ճշմարտութիւնը կ՛երեւի», ըսաւ ան:

Ժահժահ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին կոչ ուղղեց` կարելի եղածին չափ շուտ գումարելու խորհրդարանի նիստ մը, որուն օրակարգին գլխաւոր կէտը ըլլայ համաներումի օրէնքը, որուն շուրջ սիւննի երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ համաձայնութիւն գոյացուց` արդարութեան իրագործման եւ տարիներու վրայ երկարող անիրաւութիւնը վերացնելու համար»:

Leave a Comment