Լիբանանեան բանակի օրուան նշումը արդի հնչեղութեամբ նոր իմաստաւորում կը ստանայ: Ուաշինկթընեան շրջանակային համաձայնագիրին մէջ 7 տեղ նշուած են բանակին վերապահուած պարտականութիւնները: Փաստօրէն, Լիբանանին տրուող նոր ուղղութեան մէջ բանակը առանցքային դերակատարութիւն ունի հակամարտող կողմերու դիրքերը ստանձնելու:
Ըստ այս համաձայնագիրին, եթէ մէկ կողմէ բանակը պիտի իրականացնէ զէնքի մենաշնորհումը, ոչ պետական բոլոր զինեալ կազմակերպութիւնները լուծարելու առումով, ապա անոր դիմաց, ոչ նոյն յստակութեամբ նշուած, պիտի ստանձնէ վերատեղակայուող իսրայէլեան ուժերու դիրքերը. նախ եւ առաջ փորձառական փուլով:
Մէկ կողմէ առաքելութիւնը բացարձակութեամբ նշուած է զէնքը մենաշնորհելու ուղղութեամբ, միւս կողմէ սակայն փորձառական, հանգրուանային կշռոյթով, առանց ժամկէտներու յստակացումի, պիտի ստանձնէ վերատեղակայուող իսրայէլեան ուժերու գրաւած դիրքերն ու տարածքները:
Այս միակողմանի բացարձակութիւնն ու անոր դիմաց անժամկէտ առաջադրանքը կ՛երեւայ համաձայնագիրի յատկապէս 5-րդ կէտին մէջ բանաձեւուած հետեւեալ բաժինով. «Իսրայէլի կառավարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ այս սպառնալիքի (Դիմադրութեան) վերացումը` այդ խմբաւորումներու զինաթափման եւ Լիբանանի մէջ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման միջոցով, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու կողմէ համաձայնեցուած լրացուցիչ անվտանգութեան կարգաւորումներու միջոցով, պիտի վերացնէ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու կամ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերու ներկայութեան ապագայ անհրաժեշտութիւնը»:
Այս կէտէն մեկնած շատ պարզ կը հասկցուի, որ Դիմադրութեան լուծարումէն, անոր ենթակառուցային համակարգի ամբողջական կազմաքանդումէն եւ համաձայնեցուած անվտանգութեան կարգաւորումներէն ետք է միայն, որ կը վերանայ իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան գերիշխան տարածքներէն հեռանալու ապագայ անհրաժեշտութիւնը:
Պահանջները ներկայ են եւ նախապայմանային: Հեռացումները նախապայմաններու գործադրութենէն ետք են, եւ` ապագայ: Այդ նախապայմաններու գործադրելիութիւնը լիբանանեան բանակէն կ՛ակնկալուի: Ապագան կախեալ է Իսրայէլի քաղաքական որոշումէն: Ապագան, անժամկէտ է եւ գործողութեան տեսք կրնայ ստանալ միայն նախապայմաններու իրականացումէն ետք:
Խաղաղութեան առարկայացման ամբողջ նժարը դրուած է բանակի պատասխանատուութեան տակ: Ուաշինկթընեան հանդիպումներուն ամերիկեան կողմէն հնչեցին տեսակէտներ, որ պատրաստ են բանակի վերականգնողական աշխատանքներուն ամբողջովին սատարելու, որպէսզի բանակը կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Լիբանանի ապրած բազմատեսակ պատերազմներու ընթացքին, բանակը մնաց այն միակ հաստատութիւնը, որ յաջողեցաւ յաղթահարել պառակտումի փորձութիւնները: Կարճատեւ դրուածքով եղան նաեւ նման բաժանարար պահեր, սակայն մեծ հաշուով եւ երկարաժամկէտ տարածութեամբ բանակը յաջողեցաւ վերածուիլ համալիբանանեան խորհրդանիշի, վայելելով բոլոր համայնքներուն աջակցութիւնը ներառելով իր շարքերուն բոլոր լիբանանցիները:
Քաղաքականօրէն բարդ եւ ծայրայեղօրէն կշռադատուած դիրքորոշումներ, կեցուածքներ եւ գործողութիւններ կ՛ակնկալուին բանակէն: Բանակը կարեւոր փորձաքարի առջեւ է նաեւ փորձառական փուլերը նուաճելու առումով: Մանաւանդ որ անպաշտօն տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ գոյութիւն ունի 15-րդ չյայտարարուած կէտ, ըստ որուն եթէ բանակը չյաջողի իրականացնել իրմէ ակնկալուած առաքելութիւնը, իսրայէլեան ուժերը կը վերադառնան այն դիրքերը, որոնք յանձնած են կամ պիտի յանձնեն բանակին:
Պարզ է, որ բանակին տրուելիք օժանդակութիւնները եւս պայմանական են: Ոչ միայն համաձայնուած կէտերը կարենալ գործադրելու տեսակետէն, այլ նաեւ ընդհանրապէս ուժերու անհաւասարակշռութեան տեսութեան իմաստով: Իսրայէլ ի վերջոյ ոչ միայն Դիմադրութեան զինաթափումը կ՛առաջադրէ, այլեւ ընդհանրապէս հաւասար ուժի բացառումը: Նոյնիսկ` ժողովուրդի վերադարձի: Հիմնայատակ աւերումները, անվտանգութեան գօտին այդ նպատակի նախանիշերն են:
Լիբանանեան հայեցակէտէ դիտուած բանակի վերականգնում կը նշանակէ ուրեմն, հարաւի ժողովուրդի անվտանգ վերադարձ, տարածքային ամբողջականութեան վերակերտում, գերիշխանութեան ապահովում: Այս առաջադրանքներով ալ ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը կը շարունակեն մնալ բոլորուած լիբանանեան բանակին շուրջ: