Ըստ «Աքսիոս»-ի. Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Վենսին. «Թագաւորութիւնը Իրանի Հետ Մագլցումի Մեղմացման Կը Զօրակցի»

Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալման իշխանը չորեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի հետ եւ շեշտած, որ թագաւորութիւնը տակաւին Իրանի հետ մագլցումի մեղմացման կը զօրակցի, հակառակ Իրաքի մէջ զինեալ խմբաւորումներուն վրայ ամերիկեան-սէուտական միացեալ հարուածին: Այս մասին լաւատեղեակ աղբիւր մը յայտնած է ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին:

 

Leave a Comment