Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Իրանի Վերաբերեալ Տարատեսակ Ընտրանքներ Քննարկեցի»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հերքեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումի ընթացքին փորձած է Թրամփը համոզել Իրանի վրայ յարձակումները վերսկսելու:

Նեթանիահու ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թրամփի հետ քննարկած է Իրանի վերաբերեալ տարատեսակ ընտրանքներ, որոնց շարքին աւելի ընդարձակ համաձայնութեան գոյացումը, ինչպէս նաեւ Հորմուզի նեղուցի շրջափակման շարունակումը կամ զինուորական քայլերու որդեգրումը` աւելցնելով. «Երեք կարելիութիւնները վերլուծեցինք, եւ վերջնական որոշումը Թրամփին կը պատկանի»:

«Ոչ ոք մոլորեցուցի, եւ ոչ ոք Թրամփին կը թելադրէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ», շեշտեց ան:

Իսրայէլի վարչապետը Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ իր յարաբերութեան անդրադառնալով ըսաւ. «Թրամփն ու ես գործընկերներ ենք: Ան աւագ գործընկերն է, իսկ ես` կրտսերը», սակայն շեշտեց, թէ ինք կը գործէ Իսրայէլի անվտանգութեան համար անհրաժեշտ նկատածին հիմամբ:

«Ես Իսրայէլի վարչապետն եմ, եւ պէտք է երկրին շահերն ու անվտանգութիւնը պաշտպանեմ, եւ ատիկա կ՛ընեմ», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Իրանին Նեթանիահու յայտնեց. «Իրանի աշխատելաոճին եւ հարցերու կառավարման նկատմամբ կասկածներ ունիմ: Անոնք տեւաբար սուտ կը խօսին, տեւաբար խարդախութիւն կ՛ընեն, տեւաբար կը ձգձգեն»` աւելցնելով. «Փորձենք եւ տեսնենք, եթէ դիւանագիտական ու տնտեսական ճնշումը կարող է իրանեան գործելաոճը փոխել»:

Նեթանիահու նշեց, որ կարելի չէր կանխատեսել Իրանի Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական երթեւեկը ճնշումի խաղաքարտի կամ զէնքի վերածելու կարողութեան չափը:

«Իրան այսօր աւելի տկար է, քան երբեւէ», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը, սակայն աւելցուց, որ չի կարծեր, թէ իրանեան վարչակարգը տապալեցաւ:

Նեթանիահու զգուշացուց, թէ Իրանի Իսրայէլը թիրախաւորելը «հսկայական սխալ» պիտի ըլլայ, որովհետեւ Իսրայէլ «չափազանց մեծ ուժով» պիտի հակադարձէ:

Ան նաեւ ըսաւ, որ իր նպատակը երաշխաւորելն է, որ Իրանը, ներկայ վարչակարգի պայմաններուն մէջ, հիւլէական զէնք չունենայ, եւ իրենք ատոր շուրջ Թրամփի հետ համաձայն են:

Անդրադառնալով Իսրայէլի նկատմամբ ամերիկեան աջակցութեան` Նեթանիահու ըսաւ, որ ընկերային ցանցերու տարածման պատճառով այդ աջակցութեան մէջ «փոփոխութիւն մը» կայ, ինչ որ զինք կը մտահոգէ:

 

 

 

Leave a Comment