Երեքշաբթի գիշեր Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպումը:
Զելենսքի հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Մենք քննարկեցինք «Փաթրիոթ» համակարգերու համար հրթիռներու արտադրութեան արտօնագիրի տուչութեան հարցը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ գաղափարներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ:
«Մենք նաեւ խօսեցանք դիւանագիտութեան մասին. կարեւոր է կեանքի կոչել դիւանագիտական հոլովոյթը: Մեր խումբերը պիտի համակարգեն իրենց հետագայ հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները: Ես շնորհակալ եմ Միացեալ Նահանգներուն իրենց անսասան աջակցութեան համար»:
Ուքրանիոյ նախագահը աւելի ուշ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Մենք կ՛ուզենք այս պատերազմը դադրեցնել: Նախագահ Թրամփը կ՛ուզէ դադրեցնել այս պատերազմը, եւ եւրոպացիներն ալ կ՛ուզեն զայն դադրեցնել: Փութինը` ոչ: Մենք ամէն օր բանակցութիւններ կը խնդրենք` գոնէ որոշ ժամանակահատուածով զինադադար հաստատելու եւ դիւանագէտներուն բանակցութիւններ վարելու կարելիութիւն տալու համար: Սակայն Փութինը ատիկա չ՛ուզեր: Այս է խնդիրը»:
Նշենք, որ Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ յայտնեց, որ Թրամփ-Զելենսքի հանդիպումը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցած հանդիպումները «դրական ու արդիւնաւէտ էին»: