Նախագահական պալատը հաղորդեց. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունը, այսօր կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ անոր հետ անդրադարձաւ տեղական ու շրջանային ընդհանուր կացութիւններուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` հարաւային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման, մասնաւորաբար տուներու ականահարման ու հողին հաւասարեցման լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ այդ թշնամական արարքները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան»:
Աուն Պըրրիի ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան արդիւնքները եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները:
Պըրրի Պաապտայի պալատէն հեռանալու ընթացքին, ըստ նախագահական պալատին, ըսած է, թէ քննարկուած է հանրապետութեան նախագահի Ուաշինկթըն այցելութիւնը եւ հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, եւ սովորականին նման, հանդիպումէն գոհ է: