Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր Թուրքիա իր առաջին այցելութեան նախօրեակին թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները համագործակցութեան յառաջադէմ մակարդակի անցնելու ներուժ ունին:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան յոյս ունի, որ Անգարան պիտի նպաստէ տնտեսական վերականգնման, պիտի աջակցի «շրջագծային բանաձեւ»-ի համաձայնագիրի իրականացման եւ պիտի խթանէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը:
Աուն նշեց. «Թուրքիան կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանային ներկայ միջավայրին մէջ, եւ անոր հետ համակարգումը ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է եւ ոչ թէ պայմանական ընտրանք»: